«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ:

Օքլահոմա Սիթի, որ հիւրը եղաւ Նիւ Օրլինզին, 131-122 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, հակառակ անոր որ Սիթիէն Ռասըլ Ուեսթպրուք իրագործեց իր հերթական թրիփըլ-տապըլը (44-14 ռիպաունտ, 11 էսիսթ):
Այսպիսով, Ուեսթպրուք յաջողեցաւ բարելաւել «Էն. Պի. Էյ.»-ի իր իսկ հաստատած մրցանիշը, յաջորդաբար 11 մրցումի ընթացքին «թրիփըլ-տապըլ» իրագործելով:
Այսպիսով, ան այս տարեշրջանին իրագործեց իր 24-րդ թրիփըլ-տապըլը, իսկ 128-րդը` իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին:
Երէկուան մնացեալ մրցումներուն, Օրլանտօ Մեճիք յաղթեց Շարլոթ Հոռնեթցին (127-89), իսկ Նիւ Եորք Նիքս` Աթլանթա Հոքսին (106-91):
Այսպիսով, Նիքս ընդհատեց իր ակումբին հակամրցանիշը` նկատի ունենալով, որ անիկա նախորդ 18 մրցումներուն բոլորէն ալ պարտուած էր:
Ինչ կը վերաբերի նախանցեալ օր կատարուած մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրն էր Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին, 129-107 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Մինեսոթա Վուլվզէն պարտութիւն կրեց նաեւ Ճէյմս Հարտենի կազմը` Հիուսթըն Ռոքեթց, 121-111 արդիւնքով: Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 42 կէտ:


