Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Պէտք Է Օրէնքով Ամրագրուի Փաշինեանի Այն Յայտարարութիւնը, Թէ Ինք Չի Կրնար Ներկայացնել Արցախի Ժողովուրդը»

February 16, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

15 փետրուարին «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի մամլոյ ասուլիսը:

Ըստ անոր, Ազրպէյճանի մօտեցումները ցոյց չեն տար, թէ արդեօք Ալիեւ համաձա՞յն է արցախեան տագնապի բանակցութիւններուն մէջ ձեւաչափի փոփոխութեան: Մանոյեանի պնդումով` Ազրպէյճանի համար անհասկնալի են վարչապետ Փաշինեանի գործողութիւնները: Արցախի եւ Հայաստանի միացման հարցի բարձրացումը, ըստ ՀՅԴ անդամին, կրնայ բաւական բարդութիւններ յառաջացնել:

«Ոմանք այն կարծիքին են, որ նոր յայտարարութեան կարիք չկայ միացման մասին: Որովհետեւ կայ 1 դեկտեմբեր 1989-ի միացման որոշումը, որ ամրագրուած էր նաեւ անկախութեան մասին հռչակագիրին մէջ», նշած է Մանոյեան` աւելցնելով, որ ատիկա կայ նաեւ Արցախի անկախութեան հռչակագիրին մէջ:

Քաղաքական գործիչը կարեւոր նկատած է Հայաստանի կողմէ  Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը ինչ որ չափով, եթէ ոչ ամբողջովին` երկու պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութեամբ:

«Այդ բոլորը պէտք է օրէնքով ամրագրուած ըլլան: Այսինքն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը չի կրնար  ներկայացնել Արցախի ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար բանակցութիւններուն  փոխարինել Արցախի Հանրապետութիւնը եւ այլն. այս բոլորը պարզ քաղաքական յայտարարութիւններ պէտք չէ ըլլան»,  շեշտած է ան:

Մանոյեան նշած է, որ ինչպէս նախկին, այնպէս ալ ներկայիս կառավարութեան ծրագիրին մէջ կը բացակայի «Արցախ» բառը:

Մանոյեանի համար տարօրինակ է կառավարութեան ծրագիրին մէջ տեղ գտած այն մասը, ըստ որուն` Հայաստանը պիտի շարունակէ Միացեալ Նահանգներուն հետ երկխօսութիւնը շրջանի կայունութեան պահպանման գծով եւ հարցադրում կատարած է. «Անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ միայն պէտք է Միացեալ Նահանգներու հետ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բանակցի, քննարկումներ կատարէ շրջանին մէջ կայունութեան պահպանման գծով: Մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգները շրջանին մէջ չեն, շրջանի երկիրներու հետ պէտք է, որ ատիկա  կատարուի»:

 

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Փաշինեանին Խորհուրդ Տուողները Թոյլ Չեն Տար Ստեղծել Ազգային Տնտեսութիւն»

Յաջորդը

Հայաստան – Լիբանան Միջկառավարական Յանձնախումբի Նիստը` Ապրիլին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.