«Կառավարութեան ծրագիրը լղոզուած է, անիկա ափալ-թափալ փաստաթուղթ է», «Առաջին լրատուական»- ին հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՅԴ մասնագիտական յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան: «Մանրակրկիտ ուսումնասիրելով կառավարութեան ծրագիրը` մենք յանգած ենք այն եզրակացութեան, որ ո՛չ միայն գաղափարական հենք չկայ, այլ նաեւ յստակ, չափելի արդիւնքներու բացակայութիւնը թոյլ չի տար ընկալել, թէ մեր պետութիւնը յառաջիկայ տարիներուն դէպի ո՛ւր պիտի շարժի, ինչպիսի՛ Հայաստան պիտի ձեւաւորուի», ընդգծեց Ա. Մինասեանը` աւելցնելով, որ այս ծրագիրը չի կրնար ապահովել Հայաստանի զարգացման գործին մէջ իւրաքանչիւր քաղաքացիի մասնակցութիւնը:
Արծուիկ Մինասեանի դիտարկումով խորհրդարանական կառավարման ժամանակ կարեւոր պայման մը կայ` կառավարութիւնը պէտք է հաշուետու ըլլայ, իսկ ատոր համար պէտք է տեսանելի եւ կանխատեսելի դարձնէ իր քայլերը. «Ատիկա նաեւ սահմանադրութեան պահանջ է. կառավարութիւնը պէտք է իւրաքանչիւր տարի ներկայացնէ իր ծրագիրի կատարման հաշուետուութիւնը»:
«Կառավարութիւնը ձեռքերը լուացած է աշխատատեղեր ստեղծելու քաղաքականութենէն», ընդգծեց Ա. Մինասեան` աւելցնելով, որ անոր պատասխանատուութիւնը միայն սեփական հատուածին վրայ ձգելը ճիշդ մօտեցում չէ: Ան նաեւ կարծիք յայտնեց, որ Ն. Փաշինեանին խորհուրդ տուողները թոյլ չեն տար ստեղծել ազգային տնտեսութիւն:



