14 փետրուարին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Գէորգեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղին հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին Սուրիոյ խորհրդարանի Սուրիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամները:
Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահը շնորհաւորեց Տիգրան Գէորգեանը` Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի պաշտօնը ստանձնելու առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց իր կարեւոր եւ պատասխանատու առաքելութեան մէջ:
Երկուստեք կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջխորհրդարանական համագործակցութեան աշխուժացումը, յատկապէս` բարեկամութեան խումբերու փոխադարձ այցելութիւններու խթանումը: Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը կամուրջ կը հանդիսանայ երկկողմանի յարաբերութիւններու համար:



