Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տեղի կ՛ունենան Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին խաղերը` մասնակցութեամբ 25 վարժարաններու:
Այս տարի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումներուն վրայ եկան աւելնալու փինկ փոնկի եւ պետմինթընի մրցումները:
Պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի մրցումները արդէն իսկ հասան կիսաւարտական հանգրուան:
Քառորդ աւարտականին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ.- Սաժես Հայ Սքուլ – Լուէյզի` 99-53, Ալպէյն Աքտասեն, Սիուֆի – Մար Եուսեֆ, Այնթուրա` 66-65, Շանվիլ – Ալպէյն Աքտասեն, Զահլէ` 75-56 եւ Սանթրալ – Ըխուաթ Միրիամիին, Ժըպէյլ` 67-60:
ՖՈՒԹՊՈԼ.- Ըխուաթ Միրիամիին, Ժըպէյլ – Լուէյզի` 4-2, Վալ Փեր Ժաք – Շանվիլ` 4-2, Հուսամետտին Հարիրի Հայ Սքուլ – Մար Եուսեֆ Այնթուրա` 6-4 եւ Սապիս Ինթըրնեշընըլ Սքուլ – Մաահատ Մասիհի Թաալիմ` 5-2:
Նշենք, որ կիրակի, 17 փետրուարին, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ կը սկսին փինկ փոնկի մրցումները:




