Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մեկնաբանած Է Սուրիոյ Մէջ Հայկական Մարդասիրական Առաքելութեան Տեղակայման Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը

February 14, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան մեկնաբանած է Սուրիոյ մէջ հայկական մարդասիրական առաքելութեան տեղակայման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու  արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, «Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Միացեալ Նահանգներու  արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը` Սուրիոյ մէջ հայկական մարդասիրական առաքելութեան տեղակայման վերաբերեալ հարցին» հարցումին ի պատասխան` Նաղդալեան ըսած է.

«Ի գիտութիւն ընդունած ենք Սուրիոյ մէջ հայկական մարդասիրական առաքելութեան տեղակայման առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու  արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը: Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգները արդէն երկար ժամանակ է, որ  միասնաբար ջանքեր կը գործադրեն արձագանգելու Սուրիոյ մէջ  ընթացող մարդասիրական աղէտին, որ կ՛ուղեկցուի գաղթականներու եւ տեղահանուածներու զանգուածային ճգնաժամով:

Կրկնենք, որ սուրիական տագնապի ամբողջ ընթացքին աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը միշտ մտահոգութեամբ հետեւած է քաղաքացիական բնակչութեան, փոքրամասնութիւններու, այդ կարգին` սուրիահայ հոծ համայնքի ճակատագիրին: Հայկական հանրային կարծիքը խոր մտահոգութիւն եւ կարեկցանք դրսեւորած է քաղաքային բնակչութեան տառապանքներուն եւ երկրի աւերման նկատմամբ: Խօսքը երկրի մը մասին է, որ առանցքային ներդրում ունեցած է  ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայ ժողովուրդի գոյատեւման հարցին մէջ: Սուրիական տագնապի ամբողջ ընթացքին Հալէպի մէջ չէ  դադրած գործելէ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը: Մինչեւ այսօր Հայաստանը  ապաստան տուած է աւելի քան 22.000 սուրիացի գաղթականներու եւ մօտաւորապէս չորս օդանաւ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած է Սուրիոյ ժողովուրդին: Յարաբերական անդորրի ու անվտանգութեան հաստատումէն ետք Հայաստանը մտադրած է շարունակել իր ներդրումը մարդասիրական առաքելութեան, ներառեալ` տրամադրելով բժիշկներ եւ մարդասիրական ականազերծողներ`  աջակցելու պատերազմէն տուժած Հալէպի քաղաքային բնակչութեան կենսագործութեան բարելաւման: Հայկական առաքելութիւնը բացառապէս մարդասիրական բնոյթ ունի, առաջնորդուած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքով եւ իր գործունէութիւնը պիտի համակարգէ տեղւոյն վրայ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերող կառոյցներու եւ միջազգային գործընկերներու հետ:

Մենք կը կիսենք միջազգային հանրութեան մտահոգութիւնները` կապուած Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ցեղային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրավիճակին հետ, եւ կարեւոր կը նկատենք  Սուրիոյ մէջ մարդասիրական աջակցութեան շարունակական տրամադրումը»:

Նշենք, որ 13 փետրուարին լրատուամիջոցները Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան անունով տարածած էին տեղեկութիւն, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներու  արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կեցուածքը յայտնած է Սուրիոյ մէջ հայկական մարդասիրական առաքելութեան տեղակայման վերաբերեալ:

 

Նախորդը

Մաքրոնի Ապրիլ 24-ի Մասին Յայտարարութենէն Ետք. Թուրք Ազգայնական Մը Կ՛առաջարկէ Երկրէն Արտաքսել Հայաստանի Քաղաքացիները

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Ներկայացուց Արտախորհրդարանական Ընդդիմութեան Իր Գործելակերպին Հիմնական Սկզբունքները

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.