Թուրքիոյ «Մեծ միասնութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Մուսթաֆա Տեսթիճի, մեկնաբանելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ֆրանսայի մէջ Ապրիլի 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելու մասին որոշումը, յայտարարած է, թէ Թուրքիան պէտք է արտաքսէ երկրին մէջ գտնուող Հայաստանի քաղաքացի ներգաղթեալները:
Թրքական «Պիրկիւն» օրաթերթը կը գրէ, որ ազգայնական կուսակցութեան ղեկավարը պնդած է, որ Թուրքիոյ մէջ հարիւր հազար հայաստանցի անօրինական ներգաղթեալներ կան, որոնց պէտք է անյապաղ արտաքսել: Ըստ անոր, ոչ մէկ որոշում կրնայ Թուրքիոյ ստիպել ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Մաքրոնը չէ` ամբողջ աշխարհն ալ միանայ, չեն կրնար ատիկա մեզի ընդունիլ տալ», յայտարարած է Տեսթիճի:
Թուրք քաղաքական գործիչը Ֆրանսան մեղադրած է «ցեղասպան անցեալ ունենալու, Ալճերիոյ մէջ ու Ռուանտայի մէջ բազմաթիւ մարդոց մահուան պատճառ դառնալու յանցանքով»:
«Դուն ո՞վ ես: Դուն նախ պատասխան տուր ձեր կատարած ցեղասպանութիւններուն համար: Ալճերիոյ մէջ 2 միլիոն իսլամներու մահուան պատճառ դարձաք: Դուք Ռուանտայի մէջ յեղաշրջման աջակցեցաք, 800.000 անմեղ մարդ կեանքը կորսնցուց: Դուն նախ այս բոլորին պատասխանը տուր: Դուն ո՞վ ես, որ այս ժողովուրդը հայերու ցեղասպանութիւն գործելու համար կը մեղադրես», ըսած է Տեսթիճի:



