Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական պալատի խորհրդատու Նիզար Օլուլան, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը նախանցեալ գիշեր հասած էր Պէյրութ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի:
Օլուլա հանրապետութեան նախագահին փոխանցեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի ողջոյնները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորութիւնները` Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առիթով:
Օլուլա ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին եւ կ՛օժանդակէ անոր` զանազան մարզերու մէջ, նպատակ ունենալով երկկողմանի եղբայրական յարաբերութիւններուն ամրապնդումը:
Նախագահ Աուն Օլուլայէն խնդրեց իր ողջոյնները փոխանցել Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ գահաժառանգ իշխանին` ընդգծելով, որ Լիբանան յանձնառու է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումին եւ բոլոր մարզերուն մէջ գործակցութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներուն գործադրութիւնը` երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու նպատակով:
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ Լիբանանը երկխօսութեան եւ մարդոց միջեւ հանդիպումի ակադեմիայի կեդրոնի վերածելու թղթածրարը եւ այդ իմաստով Լիբանանի տարած աշխատանքը` այդ ծրագիրին համար արաբական եւ միջազգային զօրակցութիւն ապահովելու:
Օլուլա այցելեց նաեւ խորհրդարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Օլուլա Պըրրիին փոխանցեց Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին շնորհաւորութիւնները` Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առիթով:
Կէսօրէ ետք ժամը 4:45-ին, վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդունեց Օլուլան` ընկերակցութեամբ Պուխարիի, եւ ներկայութեամբ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պուխարի վարչապետարանէն յայտնեց, որ Օլուլայի կատարած այցելութիւնները ամփոփ կերպով ներկայացնելու համար կարելի է ըսել, թէ ան հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն, ինչպէս նաեւ վարչապետին փոխանցեց Սէուտական Արաբիոյ շնորհաւորութիւնները:
Պուխարի նշեց, որ բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը թղթածրարներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը լիբանանեան-սէուտական միացեալ յանձնախումբի կազմութիւնն էր, որուն շրջագիծին մէջ լիբանանեան բոլոր բնագաւառներէն նախարարներ պիտի ուղղուին Սէուտական Արաբիա եւ հանդիպումներ ունենան իրենց սէուտցի պաշտօնակիցներուն հետ, որպէսզի սկսին միացեալ յանձնախումբի կազմութեան:
Ան նշեց, որ միացեալ այդ յանձնախումբը հաստատութենական մակարդակի վրայ պիտի ամրապնդէ երկկողմանի յարաբերութիւնները` մաղթելով, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին յանձնախումբի կազմութեան նախապատրաստական աշխատանքները լաւապէս իրագործուին:
Պուխարի կարդաց նաեւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Նկատի ունենալով, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան սպառնացող վտանգները, որոնց լոյսին տակ Սէուտական Արաբիա իր քաղաքացիները զգուշացուցած էր Լիբանան այցելելէ, փարատած են, եւ հիմնուելով լիբանանեան կառավարութեան կողմէ Սէուտական Արաբիոյ տրուած ապահովական երաշխիքներուն, ինչպէս նաեւ սէուտցի քաղաքացիներուն անվտանգութեան նկատմամբ Լիբանանի յանձնառութեան վրայ, ապա Սէուտական Արաբիա իր քաղաքացիներուն Լիբանան կատարելիք այցելութեան գծով զգուշացումները յետս կը կոչէ»:
Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ սարքուեցաւ ընթրիք մը` ի պատիւ Օլուլայի:
Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրի, հանրապետութեան նախկին նախագահներ զօր. Միշել Սլէյման եւ Ամին Ժեմայէլ, նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Նեժիպ Միքաթի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, ինչպէս նաեւ նախարարներ, դեսպաններ եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:



