Լոնտոնեան Չելսիի ֆութպոլի խումբի գլխաւոր մարզիչ Մաուրիցիօ Սարրի կրնայ կորսնցնել իր պաշտօնը:
«Սփորթց-Մետիասեթ»-ի համաձայն, «Փրեմիեր լիկ»-ի 26-րդ հանգրուանին խումբին կրած բաւական ծանր պարտութիւնը` Մանչեսթըր Սիթիէն (6-0), եղաւ անմարսելի ակումբի սեփականատէր Ռոման Ապրամովիչի համար, որ կը մտածէ պաշտօնանկ ընել իտալացի մասնագէտը:
Եթէ պատահի, որ Սարրի պաշտօնազրկուի, անոր փոխարէն ժամանակաւոր մարզիչ կրնայ նշանակուիլ (մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը) ակումբի մարզիչներու կազմին մէջ աշխատող Ճիանֆրանքօ Ցոլա:
Սարրի այս տարեշրջանին սկիզբը նշանակուեցաւ Չելսիի մարզիչ:



