Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամերիկեան Ուժերու Սուրիայէն Հեռացումը Կրնայ Սկսիլ Քանի Մը Շաբաթէն» Կ՛ըսէ Զօր. Վոթել

February 12, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Ճոզըֆ Վոթըլ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն կրնայ քանի մը շաբաթէն սկսիլ իր ցամաքային ուժերը հեռացնել Սուրիայէն` գործադրելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դեկտեմբեր 2018-ին տուած հրամանը:

«Ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացումը կրնայ քանի մը շաբաթէն սկսիլ` հիմնուելով գետնի վրայ կացութեան վրայ», ըսաւ ան:

Վոթըլ նշեց, որ Իրաք գտնուող ամերիկեան ուժերուն թիւը ընդհանուր առմամբ նոյնը պիտի մնայ` աւելցնելով. «Չենք ուզեր գետնի վրայ մնան մարդիկ, որոնց պէտք չունինք, եւ որոնք իսկական առաքելութիւն մը չունին»:

Սուրիոյ մէջ կը գտնուին շուրջ 2000 ամերիկացի զինուորներ, որոնք կ՛աջակցին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարող քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն:

Ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացման ժամկէտներու շուրջ կան հակասական տեղեկութիւններ, ըստ որոշ աղբիւրներու, ատիկա արդէն իսկ սկսած է:

Միւս կողմէ` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու շաբաթավերջին Ուաշինկթըն տուած իր այցելութեան ընթացքին Միջազգային դաշինքի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովէն ետք յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ դրական գնահատած է Անգարայի` թուրք-ամերիկեան միացեալ աշխատանքային խումբ ստեղծելու առաջարկը: Այդ խումբին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ համակարգել Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման հոլովոյթը:

«Ես հեռաձայնով անձամբ առաջարկեցի արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի` ստեղծել միացեալ աշխատանքային խումբ: Ան դրական գնահատեց առաջարկս: Խումբը պիտի զբաղի ամերիկեան ուժերու հեռացմամբ, պիտի կազմակերպէ յաճախակի հանդիպումներ, որոնց ժամանակ պիտի ուսումնասիրուին երկու կողմերուն առաջարկները», յայտնեց Չաւուշօղլու:

Ըստ թրքական դիւանագիտութեան պետին, այդ բոլորը պիտի նպաստէ, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զինեալ ուժերու հեռացումը տեղի ունենայ առանց աւելորդ խնդիրներու եւ համակարգուած կերպով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց. «Հինգշաբթի օր նախատեսուած Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան վեհաժողովը պիտի քննարկէ Սուրիոյ սահմանադրութեան նախագիծի պատրաստման յանձնախումբի կազմութեան հարցը»:

Նախարարութիւնը նաեւ նշեց. «Ռուսիան կը պնդէ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու ամբողջական հեռացումը»:

 

Նախորդը

Իսլամական Յեղափոխութեան 40-ամեակին Առիթով Արտասանած Իր Խօսքին Մէջ. «Պիտի Շարունակենք Մեր Զինուորական Կարողութիւնները Զարգացնել Եւ Ոչ Ոքէ Արտօնութիւն Պիտի Խնդրենք» Ըսաւ Ռուհանի

Յաջորդը

Չինաստան Թուրքիոյ Բողոք Յայտնած Է Ույղուրներու Մասին Վերջինիս «Զզուելի» Յայտարարութիւններուն Համար

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.