Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Հարաւային Կովկասի Եւ Վրաստանի Ճգնաժամի Հարցերով Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչը

February 12, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:

Վարչապետը կարեւոր նկատած է Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումն ու կառուցողական երկխօսութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու կողմէ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ըստ կարելւոյն սեղմ ժամկէտներու մէջ վաւերացման անհրաժեշտութիւնը եւ համոզում յայտնած, որ անիկա կարելիութիւն կու տայ նոր թափ հաղորդելու փոխադարձ գործակցութեան եւ կը նպաստէ մեր երկրին մէջ տարբեր մարզերու բարեփոխումներու իրականացման:

Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատակամ է ժողովրդավարութեան զարգացման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, խօսքի ազատութեան ամրապնդման, արդար դատական համակարգի կայացման ուղղութիւններով համակարգային բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ եւ այդ նպատակով կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրով նախատեսուած օժանդակութիւնն ու համապատասխան ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրականացումը:

Թոյվօ Քլաար ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը նոյնպէս  կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումն ու ընդլայնումը եւ համոզում յայտնած, որ երկկողմանի փոխադարձ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի ընդլայնիլ նաեւ համաձայնագիրի ժամանակաւոր կիրարկումով:

Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերող շարք մը հարցեր: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանը հաւատարիմ է տագնապի խաղաղ լուծման` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջագիծին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը Կը Զօրակցի Արդիւնաբերական Տնտեսութեան, Իսկ Նախարար Կիտանեան Դաշնակցութեան Նախարարն Է Եւ Հաշուետու Է Դաշնակցութեան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Խմբագրական. Արժէքապահպան Նոր Աշխատանքներու Մեկնարկի Հրամայականը (ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Եւ Համազգայինի 90-ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.