Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մնացականեան. «Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը Կը Հանդիսանայ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն Յարաբերութիւններու Նոր Իրաւական Հենքը»

February 8, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 փետրուարին Թալին կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ Էսթոնիոյ խորհրդարանի Եւրոպական Միութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Թոմաս Վիթսութի հետ:

Նախարար Մնացականեան բարձր գնահատեց խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը` իբրեւ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման հարթակի եւ վերահաստատեց հայկական կողմի` այդ մարզին մէջ սերտ համագործակցութիւն ծաւալելու պատրաստակամութիւնը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Էսթոնիոյ խորհրդարանի Եւրոպական Միութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահին ներկայացուց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ներքաղաքական զարգացումները` ընդգծելով, որ կառավարութեան գերակայ  առաջնահերթութիւնն է ազգային զարգացման օրակարգի յառաջ մղումը, որուն հիմնասիւնն է բարձր արհեստագիտութեան եւ նորարար մօտեցումներու վրայ հիմնուած տնտեսութիւնը: Այդ առումով նախարարը բարձր գնահատեց Էսթոնիոյ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ներկայացուցիչներուն հետ աւելի կանուխ տեղի ունեցած միտքերու փոխանակումը, ինչպէս նաեւ տուեալ մարզին մէջ երկու երկիրներու մասնագէտներուն միջեւ կապերու աշխուժացումը:

Անդրադառնալով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի կարեւորութիւնը` նշելով, որ անիկա ո՛չ միայն կը հանդիսանայ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու նոր իրաւական հենքը, այլեւ կարեւոր գործիք է Հայաստանի համար` խրախուսելու ժողովուրդին կողմէ տրուած վստահութեան հիման վրայ կառավարութեան կողմէ նախաձեռնուած բարեփոխումները:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Հայ-էսթոնական խորհրդարանական խումբի նախագահ Եաննես Եանսոյի հետ:

Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ դարերու պատմութիւն ունեցող եւ ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած հայ-էսթոնական գործընկերային յարաբերութիւնները ունին յաւելեալ զարգացման եւ ընդլայնման ներուժ` յանձնառութիւն յայտնելով գործնական քայլեր ձեռնարկելու այդ ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ ստեղծագործ կրթութեան օրակարգի շրջագիծին մէջ Հայաստանի մէջ կիրարկուող փորձին եւ արձանագրուած յաջողութիւններուն` ի դէմս ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի, ՍՄԱՐԹ կրթական կեդրոնի, Dasaran.am կրթական հարթակի` կարեւոր նկատելով երկու երկիրներու  առկայ դրական փորձին եւ հիմքին վրայ համագործակցութիւն ծաւալելու կարելիութիւնը:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Մոսկուա Այցելած Է

Յաջորդը

Փարիզ. «Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր Յայտարարելով Մաքրոն Կատարեց Իր Խոստումը»

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.