ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պէտք ունիք ձեր ընկերներէն մէկուն օգնութեան: Լուսինը պիտի դիւրացնէ ձեր կեանքին ընթացքը: Առիթ մի՛ տաք, որ ձեզ խաբեն: Լաւ տիրութիւն ըրէք ձեր ունեցուածքին եւ դրամներուն:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Պիտի ուրախանաք, որովհետեւ ամէն բան իր բնականոն ընթացքին պիտի վերադառնայ: Ուրախութեամբ եւ յաջողութեամբ լեցուն պահեր պիտի ապրիք: Փոփոխութիւն մտցուցէք ձեր անձնական կեանքին մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Յուսահատեցնող շրջան մըն է: Դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ պիտի դիմագրաւէք: Դժուար քննութիւն մը պիտի տաք: Տխուր լուր մը պիտի ստանաք: Աճապարելու պէտք չունիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր ծրագիրներու գործադրութեան մի՛ սկսիք: Բախտէ զուրկ շրջան մըն է, արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Ձերբազատեցէք հին առարկաներէն եւ ձեզ տանջող հին հարցերէն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Յամառութիւն մի՛ ընէք եւ կառչած մի՛ մնաք ձեր տեսակէտին ու կարծիքներուն, եթէ շատնան ձեր վրայ ճնշումները: Արդարացուցէք ձեր գործը եւ մեծ կարողականութիւն ցոյց տուէք: Դրական շրջան մըն է:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ուրախ եւ յաջող պահեր պիտի ապրիք յարաբերաբար: Քննարկեցէք եւ արտայայտեցէք ձեր կարծիքը: Ինքնավստահ եղէք: Ամսուան ուրախ եւ բախտաւոր օրերէն մէկն է, հետեւաբար մի՛ ծուլանաք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք ձեր խօսած ամէն մէկ բառին եւ որդեգրած ամէն մէկ կեցուածքին: Լուսինը պիտի մեղմացնէ մթնոլորտը: Յարմար շրջան է` կարգաւորելու ձեր գործերը:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Մթնոլորտը տագնապալից պիտի ըլլայ: Վիճաբանութեան մէջ մի՛ մտնէք ձեր գործակիցներուն հետ: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Մի՛ յետաձգէք ձեր գործերը, եթէ նոյնիսկ յաւելեալ ժամեր պէտք ունեցաք աշխատելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ աւելի դասաւորուած կատարեցէք ձեր գործերը: Առողջական հարցերով պիտի զբաղիք: Ձեր ընկերներէն մէկուն հարցով պիտի մտահոգուիք: Սրբագրեցէք ձեր սխալները:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Կախարդական պահեր եւ հաճելի անակնկալներ կը սպասեն ձեզ: Լաւատես էք կեանքին հանդէպ: Պիտի զղջաք ձեր կատարած վերջին արարքին համար: Դրական եւ շինիչ շրջան մըն է:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ: Համարձակօրէն պիտի արտայայտէք ձեր կարծիքը: Աչքի պիտի զարնէ ձեր գեղեցկութիւնը: Սիրային հանդիպում մը պիտի ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Դժուար հարցեր պիտի քննարկէք եւ նոր միտքեր ու գաղափարներ պիտի առաջարկէք: Նոր առիթ մը ձեռք պիտի ձգէք` արտայայտելու ձեր զգացումները ձեր ընտանիքի անդամներուն:
