Նախորդ շաբաթավերջին Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրի գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն ի վերջոյ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, երբ 2-1 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Լիոնի դաշտէն:
Թէեւ Անխել Տի Մարիա բացաւ մրցումին հաշիւը` ի նպաստ փարիզցիներուն (7-րդ), սակայն Լիոն պատասխանեց երկու անգամ, 33-րդ եւ 49-րդ վայրկեաններուն:
Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ երկու մրցում նուազ կատարած է, այժմ տասը կէտի առաւելութիւն մը ունի երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լիլի վրայ, որ ունի 46 կէտ: 3-րդ դիրքը գրաւող Լիոն ունի 43 կէտ:



