Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Թոմաս Միւլըր իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, քառորդ աւարտականի երթի եւ դարձի մրցումներուն:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն մերժեց Պայէրն Միւնիխ դիմումը` անոր կախակայումը բեկանելու համար:
Միւլըր կախակայուեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած վերջին մրցումին, երբ կը մրցէր Այաքս Ամսթերտամի դէմ:



