Նախարարութիւններուն մէջ սկսած նախարարութեան յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւնը երէկ շարունակուեցաւ:
Հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի նախկին նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլէն ստանձնեց նախարարութեան պարտականութիւնները:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի նախկին նախարար Սեզար Ապի Խալիլէն ստանձնեց նախարարութեան պատասխանատուութիւնները` հաստատելով, որ իր աշխատանքին առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ ելեկտրականութեան տագնապին լուծումը:
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր իր կարգին նախարար Ժամալ Ժարրահէն ստանձնեց նախարարութիւնը` ընդգծելով, որ պիտի շարունակէ Ժարրահի սկսած աշխատանքն ու ծրագիրները հետապնդել` իրականացնելու համար նախարարութեան կապուած ժողովուրդին երազները:
Գաղթականներու հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլա Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանէն ստանձնեց նախարարութիւնը:
Աթալլա վերահաստատեց իր խոստումը` փակելու այդ նախարարութիւնը եւ անոր անուանումը փոխելու բարգաւաճումի նախարարութեան:
Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթէյշ նախկին նախարար Ռաէտ Խուրիէն ստանձնեց նախարարութիւնը` հաստատելով, որ նախարարութիւնը ունի նիւթական եւ մարդկային պաշարներ, որոնք խոստմնալից են:
Ան գործակցութեան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ պետական պիւտճէին հաւասարակշռութիւնը ապահովել:
Մշակոյթի նախարար Մոհամետ Տաուտ նախարարութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիէն: Տաուտ շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Լիբանանի անունը միշտ բարձր պահելու:
Կիներու եւ երիտասարդներու տնտեսական կարողութիւններու ամրապնդումի պետական
նախարար Վիոլեթ Սաֆատի նախկին նախարար Ժան Օղասապեանէն ստանձնեց նախարարութիւնը: Ան հաստատեց, որ ինք շարք մը միտքեր ունի այդ նախարարութիւնը բարգաւաճեցնելու իմաստով` շեշտելով, որ գրեթէ վստահ է, թէ իր նպատակները պիտի կարենայ իրագործել:
Առողջապահութեան նախարար Ժամիլ Ժապաք փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանիէն ստանձնեց նախարարութեան պատասխանատուութիւնը` շեշտելով, որ իրենք կատարեալ թափանցիկութեամբ պիտի գործեն եւ պիտի աշխատին դեղորայքի սակերը յարմարեցնել քաղաքացիներու եկամուտին:
Աշխատանքի նախարար Քամիլ Ապու Սլէյման նախարարութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Մոհամետ Քապպարայէն: Ան շեշտեց, որ իրենք կառավարութեան մաս կը կազմեն դրական մթնոլորտի մէջ:
Իր կարգին, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մայ Շիտիաք նախկին նախարար Ինայա Իզէտտինէն ստանձնեց նախարարութեան պատասխանատուութիւնը:



