Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեան Եուվենթուս, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Փարման (12-րդ) անոր հետ արձանագրեց 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Փարմա պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (93-րդ) նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ փղոսկրեայ ափունքցի յառաջապահ Ժերվինիոյի, որ նշանակած էր նաեւ իր կազմին երկրորդ կոլը (74-րդ), մինչ Փարմա ուշացած էր 3-1 արդիւնքով:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց Եուվենթուսի երկու կոլերը (36-րդ եւ 66-րդ):
Եուվենթուս, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է, պահեց իր ունեցած 9 կէտի առաւելութիւնը 2-րդ դիրքը գրաւող Նափոլիի վրայ, որ 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սամտորիային:



