Յաջորդաբար երկրորդ ամիսն ըլլալով, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի դպրոցական խաղերը, որոնք տեղի կ՛ունենան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, կը շարունակուին բաւական մեծ խանդավառութեամբ` մասնակցութեամբ 25 վարժարաններու, պասքեթպոլի, ֆութպոլի, փինկ փոնկի եւ պետմինթընի խումբերուն:
Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք աւարտեցաւ պասքեթպոլի մրցումներէն մէկը, որուն ընթացքին Լուէյզի 90-74 արդիւնքով յաղթեց Մար Եուսեֆ Քըրնեթ Շեհուանի:
Այլ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Շանվիլի ֆութպոլի խումբը յաղթեց Անթունիէ Ինթըրնեշընըլ քոլեճին (6-4):
Իսկ աղջկանց ֆութպոլի մրցումներուն, Անթունիէ Ինթերնեշընըլ քոլեճը 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մար Եուսեֆ Ըրնեթ Շահուանի դէմ:



