«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան ութ ճակատումներ:
Մինեսոթա Վուլվզ երկարաձգումէն ետք 99-97 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Մեմֆիս Կրիզլիզի դէմ:
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Եութա Ճեզի դէմ` 132-105 արդիւնքով: Պլէյզըրզէն Տեմիըն Լիլարտ նշանակեց 36 կէտ:
Տենվըր Նակեթց 105-99 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւ Օրլինզի դաշտէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Նիքոլա Եոքիչ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (20 կէտ, 13 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):

Իր կարգին, թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց Տենիս Սմիթ Ճէյ. Ար. (13 կէտ, 10 ռիպաունտ, 15 էսիսթ), երբ անոր կազմը` Տալաս Մավըրիքս, 114-90 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Եորք Նիքսը:
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Տալաս Մավըրիքս
Օրլանտօ Մեճիք – Ինտիանա Փէյսըրզ
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Միլուոքի Պաքս
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Պրուքլին Նեթց
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ


