Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ հանդիպելով տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, պատասխանած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցով հաւանական փոխզիջումներու մասին հարցումին:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին, վարչապետը ըսած է. «Ես Ազգային ժողովի ամպիոնէն քանի մը անգամ յայտարարած եւ ըսած եմ` ինչո՞ւ բոլորը մեզի կը հարցնեն` պատրա՞ստ ենք փոխզիջումներու, թէ՞ ոչ: Իսկ ո՞վ ըսաւ, որ այդ հարցումին առաջին պատասխանողը մենք պէտք է ըլլանք: Ինչո՞ւ ոեւէ մէկը Ազրպէյճանին չի հարցներ` անոնք փոխզիջումներու պատրա՞ստ են, թէ՞ ոչ: Ես քանի մը անգամ ըսած եմ հրապարակային, որ մենք այդ հարցումին չենք պատասխաներ, այնքան ատեն որ տակաւին Ազրպէյճանը չէ պատասխանած»:
Միւս կողմէ, «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը փետրուարին պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Իրան: «27 փետրուարին պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնիմ Իրան», յայտարարած է վարչապետը:



