Շաբաթ, 26 յունուար 2019-ի երեկոյեան, յարգելով կաթողիկոսարանի եւ «Թռչնոց բոյն»-ի, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի նուիրատու տոքթ. Գրիգոր Տումանեանին յիշատակը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետի կարգ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց անոր այրին` Մեթթի Տումանեանը: Պարգեւատրման ներկայ էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, ինչպէս նաեւ Տումանեան ամոլին զաւակները` տոթք. Կրեկ Տումանեանն ու Նենսի Տումանեան-Փանոսեանը:
Խօսելով կաթողիկոսութեան երկար տարիներու բարեկամ եւ բարերար Տումանեան ընտանիքին մասին` վեհափառ հայրապետը գնահատեց այդ ընտանիքին ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը եկեղեցւոյ հանդէպ` մաղթելով, որ Տումանեան ընտանիքը շարունակէ աստուածահաճոյ իր ծառայութիւնը` աջակցելով եկեղեցւոյ առաքելութեան:



