«Ֆորմիւլա-1»-ի 2019 տարեշրջանի նախօրեակին, հրապարակուեցաւ ախոյեանութեան մասնակցող վարորդներուն գանձելիք աշխատավարձքերը, որոնք անոնք պիտի ստանան իրենց ակումբներէն:
Ամէնէն շատ աշխատավարձքը պիտի գանձէ աշխարհի գործող ախոյեան, «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն (57 միլիոն ամերիկեան տոլար):
«Ֆեռարի»-ի վարորդին` Սեպասթիան Վեթելի գանձելիք գումարը պիտի ըլլայ 45 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Աւելի ցած դիրքերու վրայ գտնուող վարորդներուն գանձելիք գումարը պիտի ըլլայ 20 միլիոն ամերիկեան տոլարէն վար:
Երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Տանիել Ռիքիարտօ («Ռընօ») պիտի գանձէ 17 միլիոն ամերիկեան տոլար:
20-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Ալեքսանտր Ալպոն («Թորօ-Ռոսսօ») պիտի ըլլայ ամէնէն քիչ գանձողը (170 հազար ամերիկեան տոլար):
Բոլոր մասնակցողներուն ընդհանուր աշխատավարձքը կը կազմէ 168 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Նշենք, որ այս լուրը հրապարակողը եղաւ` «Էֆ.1 Ուիք-Էնտծ»-ը:



