Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Պատմութիւնը Շարունակելու Պատրաստակամութեամբ

January 31, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

Անցնող օրերուն լոյս տեսաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 26 մասնաճիւղերու պատմութիւնը ներկայացնող «Մեր պատմութիւնը» խորագիրով հատորը` մեկենասութեամբ հանգուցեալ վաստակաւոր  ընկերուհիներ` Լիւսի Գրիգորեանի, Սիրարփի Ճէրէճեանի, Անժել Սապունճեանի, Ռիթա Պոսնոյեանի եւ Բեգա Գլընճեանի զաւակներուն, հրատարակութեամբ` Համազգայինի «Վ. Սէթեան» տպարանին:

Հատորին հրատարակումը սոսկ գիրք մը լոյս ընծայելու միտումը չունէր: Գիրքին առաջին էջերով լոյս տեսած Շրջանային վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբին եւ խմբագիրին խօսքերը յստակօրէն կը հաստատեն այդ մասին:

Քանի մը տարի առաջ  կազմակերպական յանձնախումբի ընկերուհիներու մտայղացումով եւ Շրջանային վարչութեան հաւանութեամբ, սկսաւ ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու հիմնադրութեան եւ գործունէութեան մասին վկայութիւններու հաւաքը: Եւ ահա տարիներու հետեւողական փնտռտուքի արգասիքը հանդիսացաւ այս հատորը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ականի նուիրական աշխատանքին պատմութիւնը:

Պատմութիւնը` հիմնադրուած առաջին մասնաճիւղէն մինչեւ վերջին մասնաճիւղին: Պատմութիւնը` «Ա. Ազիրեան», «Ա. Փափազեան», «Աղթամար», «Այծեմնիկ», «Անահիտ», «Անի», «Աշխէն», «Աստղիկ», «Արագած», «Արազ», «Արցախ», «Գայեանէ», «Զուարթնոց», «Կարինէ», «Կարս», «Հայաշէն», «Հ. Փափազեան», «Հ. Սասունի», «Մեղրի», «Նայիրի», «Շուշանիկ», «Շուշի», «Ջ. Շանթ», «Ռուբինա», «Սեւան», «Սօսէ», ինչպէս նաեւ` դադրած  մասնաճիւղերուն:

Պատմութիւնը` Լիբանանի տարածքին  գործող ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն: Պատմութիւը` անոնց ազգանուէր գործունէութեան:  Մոռացութենէ փրկելու, վերակենդանացում նպատակադրող, յիշատակութեան արժանի պատմութիւնը` ԼՕԽ-ի առաքելութեան ուղիով քալած հայուհիներու: Հայուհիներ, որոնք իրենց ընտանեկան յարկերէն անդին մտածելով` ցանկացած են փութալ կարիքաւորներու պէտքերուն: Անշահախնդիր, արդարամիտ, կամաւոր ծառայութեամբ գործած եւ լաւագոյն օրինակ հանդիսացած իրենց յաջորդներուն:

«Մեր պատմութիւնը» հատորը այսօրուան ԼՕԽ-ականը անքակտելիօրէն ժողովուրդին կապող ուղեցոյց մը պիտի դառնայ անկասկած: Նորագիրներուն մէջ պիտի հրահրէ հիմնադիրներուն ազգին ծառայելու հուրը: Խթան պիտի հանդիսանայ երիտասարդութեան` հետեւելու ԼՕԽ-ի հիմնադիրներուն օրինակին, որպէսզի երիտասարդը եւս, իր կարգին, նոր շունչ եւ փայլք տայ այդ ծառայութեան:

Տեղին է նշել նաեւ, որ «Մեր պատմութիւնը» հատորի լոյս ընծաման, պատմական ճշգրտութիւններու թէ վկայութիւններու հաւաքման աշխատանքին մէջ մեծապէս նպաստեցին ընկերուհիներ Տիգի Թորիկեան, Սօսէ Ճինպաշեան եւ հատորի խմբագիր` ընկհ. Մակի Խաչերեան:

Այս աշխատասիրութիւնը վստահաբար պիտի հարստացնէ հատորը ընթերցողին` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բազմածաւալ գործունէութեան մասին  ունեցած տեղեկութիւնները:

Բայց եւ այնպէս Լիբանանահայ օգնութեան խաչը միայն պատմութիւն չէ: «Մեր պատմութիւնը» հատորը ԼՕԽ-ի պատմութեան շղթային մէկ օղակն է: Այդ շղթային յաջորդական օղակները կազմած են հիմնադիրներուն յաջորդները, որոնք գիտակցաբար եւ հաւատարմօրէն դեռ կը շարունակեն իրենց պարտականութիւնը` հանդէպ կարօտեալին եւ ազգին:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը պիտի շարունակէ ժողովուրդին ծառայելու իր առաքելութիւնը: ԼՕԽ-ի առաքելութեան երթը  պիտի շարունակուի նոյն թափով, եւ անոր պատմութեան  էջերը հարստանան ազգին ծառայելու յարատեւ պատրաստակամութեամբ:

Բոլորի՛ն վարձքը կատար:

 

 

 

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ. Վրէժ Արմէնի «Ոստայն 10 – Ժպտամարտ» Հատորը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի Անդամ Կարօ Փայլանի Հրապարակային Բանախօսութիւնը Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.