Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր 8-րդ Յաղթանակը` 87-65 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելով Իր Հիւրը` Աթլասը

January 28, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան  12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 27 յունուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը հիւրընկալեց Աթլասը:

ՀՄԸՄ այս մրցումէն առաջ արձանագրած էր 7 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն, մինչ Աթլաս` ճիշդ հակառակը:

Նախքան մրցումին մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ անոր ազդանշանին տրուելէն առաջ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Կի Մանուկեան յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց Ռիատիի նախագահ Հիշամ Ժարուտին` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի:

Կի Մանուկեան դրուատեց Ժարուտիի ունեցած գործօն դերակատարութիւնը` լիբանանեան պասքեթպոլին մէջ:

Ժարուտի շնորհակալութիւն յայտնելով այս մեծարանքին համար, իր հրատարակած գիրքը նուիրեց ՀՄԸՄ-ին: Գիրքը կ՛անդրադառնայ յիսուն տարի շարունակ իր ունեցած ներդրումին` լիբանանեան պասքեթպոլին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի մրցումին, առաջին երկու քորթըրները եղան իրարու բաւական մօտ, բայց ՀՄԸՄ առաջին կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 39-34 արդիւնքով:

Երրորդ քորթըրին կէսէն ետք, ՀՄԸՄ զգալի առաւելութիւն մը ունեցաւ եւ չորրորդ քորթըրին սկսաւ 11 կէտի առաւելութեամբ մը (57-46):

Չորրորդ եւ վերջին քորթըրին, ՀՄԸՄ ալ աւելի տիրապետելով իր հիւրին վրայ, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 87-65 արդիւնքով, այսպիսով արձանագրելով տարեշրջանի իր 8-րդ յաղթանակը:

ՀՄԸՄ-էն 21 կէտ նշանակեց Ուոլթըր Հոճ, մինչ անոր խմբակից Քրիս Ճոնսըն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (14 կէտ, 11 ռիպաունտ): Մայք Էֆիպրա նշանակեց 11 կէտ, իսկ Քարիմ Զէյնուն` 10 կէտ:

Իսկ Աթլասէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Տերիըն Թաունզ (26 կէտ, 17 ռիպաունտ):

ՀՄԸՄ յաջողեցաւ նշանակել 9 թրի-փոյնթ (22 փորձերէ ետք), մինչ Աթլաս` միայն մէկ (24 փորձերէ ետք):

ՀՄԸՄ յաջողեցաւ կատարել 9 սթիլ, փոխան` 3-ի:

Հիւր կազմը աւելի լաւ եղաւ միայն ռիպաունտով 54` փոխան 42-ի:

PROFOTO

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շեպիպէ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 41-86

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (28 Յունուար 2019)

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.