Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 26 յունուարին, Լիբանանի գործող ախոյեան` ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Շեպիպէի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սաժես Ժըտէյտէի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 17:30-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ դաշտ, քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի կազմը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս ցարդ անպարտելի միակ խումբն է:


