Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցող, ճատրակի Ճիպրալթար – Մասթըրզի միջազգային մրցաշարքին Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար` Լեւոն Արոնեան արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` ճերմակ քարերով յաղթելով սպանացի կրանտմասթըր Ֆերնանտօ Խոսէ Քուենքա Խիմենեսին:
Արոնեան, որ ցարդ անպարտելի է, Դ. հանգրուանին պիտի մրցի իրանցի կին ճատրակ խաղացող` Սարասատաթ Հատեմալշարեհի դէմ:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Հրանդ Մելքումեան, այս հանգրուանին, ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց սպանացի կրանտմասթըր` Ռուիս Սանթոսի հետ:
Իսկ Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին յառաջատար` Էլինա Դանիէլեան, սեւ քարերով պարտուեցաւ ֆրանսացի Սեպասթիան Մազէէն:
Նշենք, որ մրցաշարքին գործող ախոյեանն է Լեւոն Արոնեան:



