Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը երէկ գումարեց նիստ մը իր անդամներէն երեսփոխան Ժիհատ Սամատի բնակարանին մէջ:
Նիստէն ետք Սամատ ցաւ յայտնեց, որ Պէյրութի տնտեսական վեհաժողովէն բացակայած են արաբական երկիրներու նախագահներն ու թագաւորները, ինչպէս նաեւ Սուրիան:
«Հանդիպումը ցաւ կը յայտնէ նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած տեղքայլին գծով եւ կը վերահաստատէ նոր կառավարութեան մէջ իր ներկայացուցչութեան կառչածութիւնը», ըսաւ Սամատ` աւելցնելով, որ իրենք անշեղ կը մնան այն համոզումէն, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ հանդիպումին ներկայացուցիչը պէտք է ըլլայ անոր վեց անդամներէն մէկը, կամ ալ հանդիպումին ճշդած երեք անձնաւորութիւններէն մէկը:
Սամատ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումին անունով Սահմանադրական խորհուրդին կոչ ուղղեց ընտրութիւններուն ներկայացուած վիճարկումներուն մասին որոշումներ հրապարակելու:
Հանդիպումը կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան գործակցելու Սուրիոյ կառավարութեան հետ` երաշխաւորելու համար սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը` մեկնելով Լիբանանի շահերէն:
Միւս կողմէ, Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը կը մերժէ «նոր Ժաուատ Ատրա»-ի մը դրութիւնը եւ կ՛ընդգծէ, թէ նոր կառավարութեան մէջ զինք միայն կրնան ներկայացնել առաջարկուած 9 թեկնածուներէն մէկը:



