Մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահեր երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ քանի մը օր առաջ բացայայտուած եւ գրաւուած 11 քկ քոքայինը Լիբանան հասած է թուրքերու կողմէ: Ան նշեց, որ մաքսանենգները Թուրքիայէն ուղղուած են Պրազիլ եւ թմրեցուցիչը փոխադրած են Լիբանան, ուր անոնց հսկայական գումարներ խոստացուած են:
Տահեր ընդգծեց, որ կարեւորը այն է, թէ Լիբանան կրցած է ձախողեցնել այս գործողութիւնը եւ պաշտպանել երկիրը:
Ան հաստատեց սակայն, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ թմրեցուցիչ բացայայտող սարքերու հարց կայ` աւելցնելով, որ իրենք իրենց ունեցած կարելիութիւնները կ՛օգտագործեն` թմրեցուցիչի դէմ պայքարելու եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգումը բացայայտելու նպատակով:
Պատրի Տահեր նշեց, որ կ՛արժէ աւելի լաւ սարքաւորումներով օժտել օդակայանը, որպէսզի այդ աշխատանքը ծառայէ իր նպատակին: «Հակառակ անոր որ արդիական սարքերը սուղ կ՛արժեն, սակայն մեր աշխատանքն ու ջանքերը աւելի արդիւնաւէտ կը դառնան», ըսաւ Տահեր:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն մաքսատան կապուելու եւ տեղեկութիւններ փոխանցելու, որպէսզի իրենք լիբանանցիները աւելի լաւ կերպով կարենան պաշտպանել:
Տահեր շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, որ բարոյապէս կը զօրակցի այս աշխատանքին:



