Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրողան յայտնեց. «Սուրիացի ժողովուրդը ինք մեզի կոչ ուղղեց Աֆրինի, Ժարապլուսի եւ Պապի մէջ զինք փրկելու»:
«Պէտք է աւելի խօսիլ Սուրիոյ հետ կնքուած Ատանայի համաձայնագրին մասին եւ զայն դնել սեղանի վրայ», նշեց Թուրքիոյ նախագահը:
Ան Մոսկուայէն վերադարձի ճամբուն վրայ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մընպեժի մէջ ահաբեկչական Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու շուրջ հազար զինեալներ կան, եւ Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները կը յայտնեն, որ ահաբեկչական տարրերը պիտի հեռացուին քաղաքէն»:
«Անկարելի է, որ մէկ միլիոն անձի մահուան եւ միլիոնաւորներու իրենց տուներէն տեղահանման պատճառ դարձած անձի մը հետ բարձր մակարդակով հաղորդակցութիւն ունենանք», շեշտեց Էրտողան:
«Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ աշխուժ հաղորդակցութեան մէջ ենք Սուրիոյ մէջ լուծում մը գտնելու համար, եւ շնորհիւ այդ հաղորդակցութեան արգելք հանդիսացանք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու միջանցքի ստեղծման», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:



