ՄԱԿ-ի մէջ ստեղծուած է յատուկ յանձնախումբ մը, որ արդէն այս ամիս պիտի սկսի հետաքննել ընդդիմադիր սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի արտադատական մահապատիժներու քննութեամբ զբաղող յատուկ զեկուցող Ակնես Քալամարտ յայտնած է, որ անձամբ պիտի գլխաւորէ այդ հետաքննութիւնը:
Ան նշած է, որ նախ 28 յունուարէն 3 փետրուար պիտի այցելէ Թուրքիա` փորձելով ուսումնասիրել սպանութեան հանգամանքներն ու ատոր մէջ «անձերու եւ պետութիւններու պատասխանատուութեան չափն ու բնոյթը»:
Ատկէ ետք, Քալամարտ նիւթին վերաբերեալ մանրամասն զեկուցում պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի յունիսեան նիստին:
Զեկուցողը նաեւ մանրամասնած է, թէ հետաքննութեան ծիրին մէջ իր ենթակայութեամբ պիտի աշխատին դատաբժշկական փորձաքննութիւններու գծով երեք մասնագէտներ:
Յիշեցնենք, որ ընդդիմադիր լրագրողը անհետացած էր Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարան մուտք գործելէ ետք:



