Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաւոսեան Առաքելութիւն

January 26, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Վստահաբար խորագիրին համամիտ պիտի չըլլայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որովհետեւ Տաւոս այցելութեան մասին իր ցարդ հրապարակած տեղեկութիւններով կը հաւաստիացնէ, որ Զուիցերիոյ Ալպեան աւան կատարած իր ճանապարհութիւնը քաղաքական օրակարգ չէ ունեցած:

Այլ խօսքով, ըստ վարչապետին, եղածը պարզ այցելութիւն մըն էր: Եւ պատահած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւս հոն գտնուած է: Այս պատահական առիթով երկուքը տեղւոյն վրայ համաձայնած են հանդիպիլ: Պատահական հանդիպումը տեւած է մէկ ու կէս ժամ: Քանի որ այս մէկը պատահական էր, ուստի ո՛չ հանդիպումը եւ ո՛չ ալ երկկողմանի խօսակցութիւնը պաշտօնական բնոյթ ունեցած է: Ըստ վարչապետի հաւաստիացումներուն, հանդիպումը «ընկալումներին ծանօթանալու, շփուելու հնարաւորութիւն» եղած է:

Քաղաքականութիւնը կարելիին արուեստն է, սակայն երբեք պատահարներու իբրեւ հետեւանք տեղի չ՛ունենար: Ինչպէս ամերիկացի նախագահ Ֆրենքլին Տ. Ռուզվելթ ըսած է. «Քաղաքականութեան մէջ ոչինչ պատահարով կը պատահի: Եթէ պատահի, վստահ եղիր, որ այդպէս ծրագրուած էր»:

Այս «պատահական հանդիպումը» դուռ կը բանայ բազմաթիւ հարցումներու, որոնց պատասխանները պիտի չտրուին հայրենի իշխանաւորներուն կողմէ: Բառակոյտերու ծուխի եւ բացատրութիւններու հայելիի գործածութեամբ, անոնք պիտի դիմեն քաղաքական կախարդութիւններու` ծածկելու համար քաղաքական իրականութիւնը եւ հետապնդուող նպատակը:

Արդէն իսկ կանխելու համար նման հարցադրումներ, վարչապետը «շեշտելով» կը վստահեցնէ մեր բոլորին, թէ «դաւադրութիւններ լինել չեն կարող, աբսուրդ է նոյնիսկ մտածել այդ մասին»:

Սակայն «դաւադրութեան» մասին խօսք ընող չկայ: Պահանջուածը պարզապէս անկեղծ բացատրութիւններ են: Ակնկալուածը պարզապէս մեր հաւաքական շահերը յուզող հարցի մասին տեղեկութիւններու թափանցիկութիւնն է, եւ հետապնդուած նպատակը հարազատութեամբ ներկայացնելու պարկեշտութիւնն է:

Բացակայութեամբ այս պահանջուածին ու ակնկալուածին, բնականօրէն տաւոսեան այցելութիւնը պատահական ըլլալու փոխարէն` կը վերածուի առաքելութեան:

Ներկայ տուեալներով, նման առաքելութիւն աւելի հիմնաւոր կը դառնայ Տաւոսի հանդիպումէն անմիջապէս ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ վարչապետին ունեցած հեռախօսազրոյցով: Այս մասին վարչապետը կը տեղեկացնէ, որ երկուստեք քննարկած են «տարածաշրջանային իրավիճակին եւ երկկողմ յարաբերութիւններին վերաբերուող հարցեր»:

Տարօրինակ թուացող հեռախօսազրոյց մըն է այս: Նման հարցեր քննելու համար երկրի մը գործադիր իշխանութեան պետին խօսակիցը կրնայ ըլլալ Միացեալ Նահանգներու նախագահը, փոխնախագահը կամ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Բայց Ճոն Պոլթընը` վարչապետին խօսակի՞ց:

Տարածաշրջանի մէջ Հայաստան ոչ մէկ վտանգ կրնայ սպառնալ հզօր Ամերիկային: Իսկ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան իրաւասութիւնն է:

Հետաքրքրականը վարչապետին այն հերքումն է, որ կը վերաբերի Արցախի հարցին: Իր Դիմատետրի էջով տեղեկացնելէ ետք այս հեռախօսազրոյցին մասին, «յետ գրութեամբ» մը վարչապետը կ՛աւելցնէ, որ Պոլթընի հետ «Արցախի հարցին անդրադարձ չի եղել»:

Նման հերքում միայն կը հաստատէ, որ վարչապետն ու Պոլթընը անդրադարձած են Արցախի հարցին: Աւելի՛ն. Տաւոսի հանդիպումի լոյսին տակ վարչապետը բնականաբար զեկուցած է այդ մասին Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան պետին:

Այս զարգացումները, որոնք շատ արագ կերպով կ՛ընթանան անցեալ տարուան հոկտեմբերէն ի վեր, կը պարտաւորեցնէ վարչապետը, որ ամենայն թափանցիկութեամբ ու անկեղծութեամբ եւ սրտբացօրէն զրուցէ ու բացատրութեան տայ իր ժողովուրդին: Ժողովուրդը` իբրեւ մեր հաւաքական անվտանգութեան ու ազգային շահերու հիմնական կռուանը, պէտք է տեղեկանայ իր վարչապետէն հարցերու մասին, որոնք ճակատագրական են:

Վարչապետը` իբրեւ գործադիր իշխանութեան պետը, սահմանադրական ու քաղաքացիական պարտաւորութիւնը ունի ժողովուրդին պարզելու իր կառավարութեան վարքագիծը, պատկերացումը եւ դիրքորոշումը` արցախեան հարցի կարգաւորման եւ Թուրքիոյ ու Իրանի հետ յարաբերութիւններուն մասին:

Գիտենք, որ գոյութիւն ունի առաքելութիւնը, ուրեմն պէտք է գիտնալ այդ առաքելութեան հետապնդած նպատակը: Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս:

Լոս Անճելըս

Նախորդը

Հայ Մամուլի Տարի. Մամուլի Տարի…

Յաջորդը

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհ. Ժողովի Օրակարգի Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.