Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Պէտք Է Զգուշանալ Իսրայէլեան Ոտնձգութիւններէն, Յատկապէս Երբ Շրջանային Պատերազմի Մասին Շշուկներ Կան»

January 25, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն խախտել լիբանանեան գերիշխանութիւնը` մերթ թռիչքներ գործելով լիբանանեան հողերուն վերեւ, մերթ խզելով անոր ծովային սահմանները, մերթ անոր օդային տարածքէն Սուրիան ռմբակոծելով, ինչպէս նաեւ սահմանային շրջանին մէջ քարաշէն պատնէշի կառուցումը շարունակելով:

Այս ոտնձգութիւնները Լիբանան կ՛արձանագրէ` զանոնք ներկայացնելով ՄԱԿ-ին, որ սակայն ոչինչ կը կատարէ, ընդհակառակն` միջազգային կառոյցը մնայուն կերպով կ՛ենթարկուի իսրայէլեան սպառնալիքներուն եւ տեղի կու տայ անոնց դիմաց:

Այս բոլորով հանդերձ, Իսրայէլի նախագահ Ռուվին Ռիվլին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Իսրայէլ չի փափաքիր Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծել:

Ռիվլին շեշտեց սակայն, որ Իսրայէլ լուռ պիտի չմնայ Լիբանանի կողմէ ՄԱԿ-ին թիւ 1701 բանաձեւին դէմ գործուող մնայուն ոտնձգութիւններուն եւ Հըզպալլային արդիական զէնքեր տրամադրելու վերաբերեալ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերուն առած մագլցողական քայլերը բաւական մտահոգիչ են եւ անոնց նկատմամբ պէտք է արթուն ըլլալ ու զգաստանալ:

Պըրրի հաստատեց, որ սահմանին վրայ քարաշէն պատի շինութիւնն ու Լիբանանը օգտագործելով Սուրիան ռմբակոծելու իսրայէլեան շարունակուող արարքները յստակ ոտնձգութիւններ են երկրին գերիշխանութեան դէմ: Այս իրականութենէն մեկնելով պէտք է նուազագոյնը արագացնենք կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան մէջ մտնենք Ապահովութեան խորհուրդին, միջազգային ընտանիքին եւ արաբական ու միջազգային դիւանագիտութեան հետ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այս արարքները սովորական բռնարարքներ չեն, «այլ` կը խօսուի շրջանային պատերազմի մասին», ըսաւ ան:

Պըրրի յայտնեց նաեւ, որ ինք այս հարցը քննարկած է նաեւ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատար զօր. Ճոզըֆ Վոթըլի հետ` շեշտելով, որ Իսրայէլէն պէտք է պահանջել կասեցնել լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր ոտնձգութիւնները:

Միւս կողմէ, պէտք է նշել, որ իսրայէլեան «Իսրայէլ այսօր» օրաթերթը երէկուան իր թիւով գրած էր, թէ անօդաչու թռչող սարքեր գաղտնօրէն նկարած են իսրայէլեան զինուորական խարիսխ մը:

Նոյն աղբիւրին համաձայն, իսրայէլեան ուժերուն համար տակաւին յստակ չէ դարձած, թէ անօդաչու թռչող սարքերուն պատասխանատուն ո՛վ է:

Նախորդը

Միւֆթի Տըրիան Կը Հաստատէ Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Վարչապետին Ջանքերուն Զօրակցելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Պուխարի Կը Կազմակերպէ Ձայնասփիւռի Կայաններու Պատասխանատուներու Եւ Վաստակաւոր Հաղորդավարներու Յատուկ Հանդիպում Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.