Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Ձերբակալեց Արսալի Դէպքերուն Մեղսակցած Ահաբեկիչ Մը

January 25, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ բանակը տեսակարար գործողութեամբ մը Արսալի մէջ կրցած է ձերբակալել շրջանին մէջ բանակին դէմ գործուած դէպքերուն մեղսակցած ահաբեկիչ մը:

Ըստ հաղորդագրութեան, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութենէն խմբակ մը Արսալի մէջ ներխուժած է ամէնէն վտանգաւոր նկատուող ահաբեկիչներէն Մուսթաֆա Հուժէյրիի, ծանօթ` իբրեւ Մուսթաֆա Անիս, բնակարանը, ուր ձեռնառումբ մը նետած է բանակայիններուն վրայ եւ փորձած փախուստ տալ:

Բանակայինները ստիպուած կրակ բացած են յանցագործին վրայ, որ վիրաւորուած է եւ փոխադրուած հիւանդանոց:

Բանակը խուզարկած է անոր բնակարանը եւ գրաւած մեծ թիւով եւ տարբեր տեսակի գնդացիրներ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Հուժէյրի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ գործակցած է եւ 2014-ին Արսալի մէջ բանակին դէմ գործուած յարձակումին մասնակցած: Նախապէս Հուժէյրի յարձակում մը գործած է նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու մէկ ջոկատին վրայ` վիրաւորելով ոստիկանները:

Բանակի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Հուժէյրի զէնքի, զինամթերքի ու թմրեցուցիչի մաքսանենգ մըն է, եւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ անոր դէմ արձանագրուած են շարք մը բերման գիրեր:

Հաղորդագրութիւնը եզրափակուեցաւ նշելով, որ Հուժէյրիի թղթածրարին հետաքննութիւնը յանձնուած է համապատասխան դատական ատեանին:

 

Նախորդը

Սուրիացի Տեղահանուածներ Շարունակեցին Իրենց Տունդարձը

Յաջորդը

Միւֆթի Տըրիան Կը Հաստատէ Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Վարչապետին Ջանքերուն Զօրակցելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.