Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող տարուան առաջին` Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 23 յունուարին տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց քառորդ աւարտականի երկուքական մրցումներ:
Տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուն նկատուող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ (16-րդ) կրեց անակնկալ պարտութիւն մը` 7-րդ դասուած չեխ Քարոլինա Փլիսքովայէն, 6-4, 4-6 եւ 7-5 արդիւնքով:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 2 ժամ 10 վայրկեան:
Նկատելի եղաւ այն, որ երրորդ սեթին, թէեւ 37 տարեկան Սերենա Ուիլիըմզ կը գերազանցէր իր մրցակիցին` 5-1 արդիւնքով, եւ բաւական մօտ էր յաղթանակին, սակայն Փլիսքովա ունեցաւ անհաւանական քամպեք մը` տանելով վերջնական յաղթանակը:
Կիսաւարտականին Փլիսքովա կը մրցի 4-րդ դասուած ճափոնցի Նաոմի Օսաքայի դէմ, որ 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց 6-րդ դասուած ուքրանացի Էլինա Սվիթոլինայի դէմ:
Ան առաջին անգամ ըլլալով էր, որ կը հասնէր այս մրցաշարքի կիսաւարտականին:
Ինչ կը վերաբերի երէկ տեղի ունեցած տղոց քառորդ աւարտական մրցումներուն, թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ իրեն մրցակից ունէր 8-րդ դասուած ճափոնցի Քէյ Նիշիքորին, արձանագրեց 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը` նկատի ունենալով, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով Նիշիքորի այս մրցումը չկրցաւ շարունակել:
Կիսաւարտականին Ճոքովիչի մրցակիցը պիտի ըլլայ ֆրանսացի Լուքաս Փուիլ (28-րդ), որ 7-6, 6-3, 6-7 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց 16-րդ դասուած քանատացի Միլոշ Ռաոնիչի դէմ:







