Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցան Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանին կողմէ կազմակերպուած դպրոցական 20-րդ խաղերը, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 48 վարժարաններէ 1887 երկսեռ մարզիկներ:
Տեղի ունեցան պասքեթպոլի, վոլիպոլի, ֆութպոլի, փինկ փոնկի եւ լողարշաւի մրցումներ:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ այս խաղերը կատարուեցան հետեւեալ ձեւով.
Պասքեթպոլ` 94 մրցում, փինկ փոնկ` 38, վոլիպոլ` 24, լողարշաւ` 12, իսկ ֆութպոլ` 50:
Նշուեցաւ նաեւ, որ այս խաղերը տեղի ունեցան բաւական մեծ խանդավառութեամբ, եւ անոնց ընթացքին ներկայ եղաւ մարզական ոգին:



