Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթի Մօտ . Հարիրի Վերահաստատեց Կառավարութեան Կազմութեան Դրական Ընթացքը

January 24, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի, Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ Թայմուր Ժոմպլաթ եւ պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Ժոմպլաթի կատարած իր այցելութեան նպատակն է կառավարութեան կազմութեան իմաստով խորհրդակցութիւնները շարունակել` վերահաստատելով, որ տիրող մթնոլորտը դրական է, եւ մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ կարելի պիտի ըլլայ նոր կառավարութիւնը կազմել:

Հարիրի շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթի հետ քննարկած է ո՛չ միայն նախարարութիւններու հարցը, այլ նաեւ` Լիբանանի մէջ արձանագրուած շարք մը զարգացումներ, յատկապէս` իր եւ Ժոմպլաթի դէմ կատարուած յարձակումներն ու ցեխարձակումները:

Ան ընդգծեց, որ իրենք միասնական են, եւ ոչ ոք իրենց միջեւ առկայ յարաբերութիւնը կրնայ խախտել:

Կառավարութեան կազմութեան վերաբերող նոր մանրամասնութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի ըսաւ. «Այդ մասին ոչինչ պիտի ըսեմ, որպէսզի այդ կարելիութիւնները չխանգարուին եւ նոր խոչընդոտներու չյանգին: Մենք կը փափաքինք ունենալ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն եւ այդ ուղղութեամբ ալ կ՛աշխատինք, որպէսզի նոր կազմուելիք կառավարութեան ընդմէջէն դարձեալ արժանանանք քաղաքացիին վստահութեան եւ կառավարութեան գործունէութեան ընդմէջէն ծառայենք քաղաքացիին: Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը զարգացումներ ապրած է, եւ մենք մեր տարակարծութիւնները պէտք է մէկդի դնենք: Իբրեւ վարչապետ, յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կառավարութեան կազմութեան իմաստով վերջնական որոշում պիտի տամ»:

Իր կարգին, Ժոմպլաթ հաստատեց, որ երկրին մէջ կան քաղաքական կարգ մը ուժեր, որոնք կը փափաքին Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային կառուցուածքը տկարացնել` իշխելու համար երկրին:

Ան ընդգծեց, որ վերջերս այս ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն այլոց դէմ յարձակելու նպատակով` առանց մտածելու երկրին տնտեսութեան մասին:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը շարունակէ առկախ մնալ, որովհետեւ այդ ուժերը լուռ կը մնան, «իսկ վարչապետ Հարիրի կը փորձէ պատասխաններու հասնիլ` Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումին շրջագիծին մէջ», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց կարգ մը ուժերու կողմէ Պէյրութի մէջ գումարուած Արաբական տնտեսական վեհաժողովը ձախողեցնելու փորձերը` աւելցնելով, որ վեհաժողովին ներկայութեան պատկերը կրնար աւելի լաւ ըլլալ:

Ժոմպլաթ իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ շաբաթ պիտի կազմուի:

Նախորդը

Պասիլ Փետերսոնի Հետ Քննարկեց Սուրիոյ Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Փաշինեանն Ու Պոլթընը Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին Չեն Անդրադարձած Արցախի Հարցին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.