ԵԽԽՎ ձմեռնային նստաշրջանին ներկայացուեցաւ զեկուցում, ըստ որուն` Հայաստանի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները որակուեցան ազատ եւ ժողովրդավարական:
«Արմէնփրես»-ի տեղեկութիւններով` զեկուցումին հեղինակը լեհ երեսփոխան Ալեքսանտր Բոչիէյն է (Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւն):
«Առանձնակիօրէն շեշտուեցաւ նախընտրական թափանցիկ մթնոլորտի առկայութիւնը եւ 3 ժամ տեւած քաղաքական բաժանմունքի իրականացման բացառիկութիւնն ու կարեւորութիւնը», դիմատետրի իր էջին վրայ կատարուած գրառումին մէջ կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան փոխարինող անդամ Տաթեւիկ Հայրապետեան:
ԵԽԽՎ ձմեռնային նստաշրջանը սկսած է 21 յունուարին եւ կը շարունակուի մինչեւ 25 յունուար: Նստաշրջանին ընթացքին ԵԽԽՎ նախագահ վերընտրուած է Լիլիան Մորի Փասքէն:



