Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր տեղի ունեցած լոնտոնեան տերպիի մրցումին, Արսենալ, որ հիւրընկալեց Չելսին, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Ֆրանսացիներ Ալեքսանտր Լաքազեթ (14-րդ) եւ Լորան Քոսիելնի (39-րդ) նշանակեցին Արսենալի 2 անպատասխան կոլերը:
Յաղթական կազմէն կը բացակայէր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան (վիրաւոր):
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Քրիսթալ Փալասի դէմ: Եգիպտացի Մոհամետ Սալահ տուպլէ մը իրագործեց (46-րդ եւ 75-րդ), մինչ մնացեալ կոլերը նշանակեցին պրազիլցի Ռոպերթօ Ֆիրմինիօ (53-րդ) եւ սենեկալցի Սատիօ Մանէ (94-րդ):
Մանչեսթըր Եունայթըտ նորվեկիացի իր 45 տարեկան մարզիչին` Օլէ-Կիւնար Սոլսքիարի հետ արձանագրեց իր եօթներորդ յաջորդական յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պրայթընը: Փոլ Փոկպա (27-րդ` փենալթիով) եւ Մարքուս Ռեշֆորտ (42-րդ) նշանակեցին յաղթական կազմին կոլերը:
Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց վերջին դիրքը գրաւող Հատըրսֆիլտի դաշտին վրայ:



