Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Սուր Պատասխանը Ազրպէյճանին

January 19, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան բացատրութիւններ կը սպասէ Պաքուէն` Ռուսիոյ ծագումով հայ քաղաքացիներուն երկիր մուտքը արգիլելու իւրաքանչիւր դէպքի վերաբերեալ: Այս մասին կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ նախարարութիւնը ծանօթացած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգին` իրենց` համապատասխան հարցով նամակին եւ մեկնաբանութեան ոճը կը նկատէ դիւանագիտական պատշաճութեան ծիրէն դուրս:

«Ոչ նուազ հարցականներ կը յառաջացնէ մեկնաբանութեան բովանդակութիւնը, որուն պահանջն է չուռճացնել Ազրպէյճան հասնող Ռուսիոյ քաղաքացիներուն նկատմամբ խտրականութեան նիւթը, որ իբրեւ թէ փոքր նշանակութիւն ունի երկկողմանի յարաբերութիւններու աշխուժ զարգացման լոյսին տակ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, այդպիսի մօտեցումը անընդունելի է: «Գործին հետ կապ չունեցող մտորումներու փոխարէն պիտի ուզէինք լսել առարկայական բացատրութիւններ` ռուսաստանցիներու հետ կապուած որեւէ միջադէպի վերաբերեալ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ կը բերուին որոշ օրինակներ, թէ` Ռուսիոյ քաղաքացիներուն ինչպէ՛ս արգիլած են մուտք գործել Ազրպէյճան:

Վերջաւորութեան կը նշուի, թէ ազրպէյճանական կողմի բովանդակային արձագանգին հիմամբ պիտի որոշուին հետագայ քայլերը:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` Ազրպէյճանի մէջ կալանաւորուած Ռուսիոյ հայազգի քաղաքացիին վերաբերեալ յայտարարութիւնը,  յայտնած էր, որ Պաքուն Լաւրովէն կ՛ակնկալէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած եւ Ռուսիոյ քաղաքացի եղող Տիլհամ Ասքերովը տուն վերադարձնելու ուղղութեամբ ջանքերու յաւելում:

 

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Կ՛ողջունէ Ժողովուրդները Խաղաղութեան Նախապատրաստելու` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ջանքերը

Յաջորդը

Փայլան Կը Պահանջէ, Որ Խորհրդարանը Զբաղի Տինքի Սպանութեան Գործին Ուսումնասիրութեամբ, Խորհրդարանը Կը Մերժէ

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.