ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ողջունած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի` ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման ուղղուած ջանքերը:
Քարտուղարութեան պաշտօնական կայքը կը նշէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կ՛ողջունէ 16 յունուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի` Փարիզի մէջ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ տեղի ունեցած հանդիպումը:
Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ընդհանուր քարտուղարը կը գնահատէ կողմերու` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը խաղաղ ճամբով լուծելու ուղղուած շարունակական ջանքերը եւ մասնաւորաբար կ՛ողջունէ նախարարներու` ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու համար շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութեան մասին համաձայնութիւնը:
Յայտարարութեան համաձայն, ընդհանուր քարտուղարութիւնը կը վերահաստատէ, որ ՄԱԿ-ը ամբողջովին կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդութեան ջանքերուն:



