Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Տնտեսական Վեհաժողովի Նախօրեակին. Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Նիստի Նախագահ` Ժըպրան Պասիլ Կոչ Ուղղեց Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձին

January 19, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական տնտեսական վեհաժողովի աշխատանքները պաշտօնապէս կը սկսին վաղը` 20 յունուար 2019-ին:

Վեհաժողովի կայացման շրջագիծին մէջ իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք գումարուող նիստերուն շարքին երէկ տեղի ունեցաւ արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն նիստը, որուն ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ափրիկեան երկիրներու հարցերու պետական նախարար Ահմետ պըն Ապտել Ազիզ Քաթթան Արաբական տնտեսական բարգաւաճման վեհաժողովին ծիրին մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին նախագահութիւնը յանձնեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի:

Արհեստագիտական բացառիկ դրութեամբ օժտուած եւ բարձրորակ կազմակերպուածութիւն խորհրդանշող այս նիստին նախագահութիւնը ստանձնած նախարար Պասիլ խնդրեց նիստը սկսիլ արաբ արտաքին գործոց եւ տնտեսութեան նախարարներուն կողմէ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի, ինչպէս նաեւ բոլոր նախագահներուն, վարչապետներուն, բանակի եւ Դիմադրութեան նահատակներուն, արաբ պատասխանատուներուն եւ արաբ ժողովուրդի նահատակներուն յիշատակը:

Նիստին ընթացքին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զաքի յայտնեց, որ նիստը պիտի քննարկէ 27 կէտերէ աւելի օրակարգ մը:

Միւս կողմէ, նիստին ընթացքին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ արաբական երկիրներու ժողովուրդները կը յուսան, որ այս վեհաժողովը դրսեւորէ իրենց ձգտումները, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման առումով ըլլայ տեսակարար քայլ մը: Ան նշեց, որ վեհաժողովին գումարումը կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ անիկա տնտեսական վերջին վեհաժողովէն վեց տարի ետք է, որ կը գումարուի եւ արաբական երկիրներու ղեկավարներուն պիտի փոխանցէ այնպիսի թղթածրարներ, որոնք արժանի են տնտեսական բարգաւաճման ծիրին մէջ քննարկուելու:

Ապա խօսք առաւ Պասիլ, որ ցաւ յայտնեց արաբական իւրաքանչիւր երկրի համար, որ ներկայ պիտի չգտնուի այս վեհաժողովին` ընդգծելով, որ իբրեւ արաբներ իրենք չեն գիտեր զիրար իրարու մօտ պահել:

Այս առումով Պասիլ հաստատեց, որ Սուրիա պէտք է վերադառնայ արաբական երկիրներու կողքին եւ Արաբական լիկայի լիիրաւ անդամակցութեան, «եւ մենք պէտք է գրկաբաց հիւրընկալենք զայն` առանց առիթ տալու, որ ան ահաբեկչութեան գրկին մէջ մնայ, որպէսզի օր մը մեր զաւակները մեզի հարց չտան, թէ Արաբական լիկան արաբական երկիրները միացնելո՞ւ, թէ՞ բաժնելու լիկա էր», ըսաւ ան:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ալի Հաքիմ իր կարգին շեշտեց, որ իրենք կը յուսան, որ Արաբական տնտեսական վեհաժողովը դառնայ արաբական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու առիթ մը:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի հաստատեց, որ Լիբանան շատ սիրելի երկիր մըն է Յորդանանի համար` աւելցնելով, որ խաղաղութեան բանալին Երուսաղէմն է` կոչ ուղղելով այդ իմաստով արաբական աշխուժ դերակատարութիւն ցուցաբերելու, իսկ Սուրիոյ տագնապին հարցով լուծման մը յանգելու:

Արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստէն ետք Ապուլ Ղէյթ եւ Պասիլ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին շարք մը յայտարարութիւններ:

Ապուլ Ղէյթ նշեց, որ նիստը ամբողջութեամբ վաւերացուցած է ընկերային ու տնտեսական բնոյթի 29 օրինագիծեր եւ զանոնք փոխանցած Արաբական տնտեսական վեհաժողովին:

Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ Արաբական լիկան իր որոշումները կու տայ խորհրդակցութիւններու հիման վրայ եւ ցարդ Սուրիոյ անդամակցութեան սառեցումը բեկանելու մասին որոշում չկայ, որովհետեւ արաբական մակարդակով անոր լիկա վերադարձին մասին համաձայնութիւն գոյութիւն չունի:

Պասիլ նշեց, որ արաբական երկիրներուն դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական հարցերուն լուծման իմաստով համախոհութիւն գոյութիւն ունի` հաստատելով, որ կարելի չէ այս վեհաժողովին ընթացքին սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը չքննարկել, որովհետեւ մարդկային իր երեսին կողքին, այդ թղթածրարը ունի նաեւ տնտեսական եւ ընկերային լուրջ հետեւանքներ, որոնք շրջանին մէջ յստակօրէն կ՛երեւին:

Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձին մասին խօսելով` Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար այդ հարցը անտեսել: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ վերակառուցման մասնակցութեան առումով իւրաքանչիւր երկիր ազատ է, եւ հարց տուաւ, որ եթէ լիբանանցիները որոշեն Սուրիոյ վերակառուցման օժանդակել, ո՞վ արգելք պիտի հանդիսանայ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այցելուները յայտնեցին, որ նախագահ Աուն զարմացած է, որ արաբական երկիրներու նախագահներ, իշխաններ եւ թագաւորներ մետասաներորդ պահուն ներում կը հայցեն` վեհաժողովին ներկայ չգտնուելու առումով, մինչդեռ անոնք նախապէս հաստատած են Արաբական տնտեսական վեհաժողովին իրենց ներկայութիւնը:

Նախագահ Աուն զարմանք յայտնեց նաեւ այն իմաստով, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը առկայ է, իսկ վեհաժողովին կազմակերպութիւնը` կատարեալ բծախնդրութեամբ իրագործուած:

«Վեհաժողովը պիտի գումարուի Պէյրութի մէջ` ներկայ բոլոր պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ եւ ճշդուած թուականին», ըսաւ նախագահ Աուն` մաղթելով, որ վեհաժողովը իր նպատակները կ՛իրականացնէ:

Նշենք, որ նախագահ Աուն կիրակի օր պիտի արտասանէ իր խօսքը եւ առաջադրէ պատերազմէն քանդուած երկիրներու վերաշինութեան ու վերակառուցման նախաձեռնութիւն մը:

Նիստին մասնակցութեան առումով Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ անոր նախագահած երեսփոխանական պլոքը վեհաժողովին պիտի չմասնակցին` կոչ ուղղելով արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը:

Նշենք սակայն, թէ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ինք վեհաժողովին պիտի մասնակցի` անկախ Անուար Խալիլի կատարած յայտարարութենէն:

Իր կարգին, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ ինք եւս պիտի մասնակցի Արաբական տնտեսական վեհաժողովին` ընդառաջելով Լիբանանի կառավարութեան յղած հրաւէրին: Ան աւելցուց, որ ինք պատիւ կը զգայ Սուրիոյ դաշնակիցը ըլլալով եւ ոչ թէ Իսրայէլի հետ հաշտութիւն գոյացնելու կոչեր կ՛ուղղէ:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ երէկ այցելեց Արաբական տնտեսական վեհաժողովին վայրը եւ ստուգեց տարուած կազմակերպական աշխատանքը, երէկ գիշեր Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ապուլ Ղէյթը, որուն հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ինք կ՛ակնկալէ, թէ Արաբական տնտեսական վեհաժողովը դրական արդիւնքներ իրականացնէ` հաստատելով, որ անոր գումարումը Լիբանանի մէջ շատ դրական երեւոյթ է` անկախ ներկայութեան հանգամանքէն: «Իւրաքանչիւր երկիր, որ կը մասնակցի վեհաժողովին կը ներկայացնէ իր երկիրն ու պետութիւնը եւ իմ ակնկալութիւնս է, որ վեհաժողովը դրական արդիւնքներով աւարտի», վերահաստատեց Հարիրի:

Իր կարգին, Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկած է Արաբական տնտեսական վեհաժողովին օրակարգը` դարձեալ ողջունելով վեհաժողովի բացառիկ ու հոյակապ կազմակերպութիւնը:

Անդրադառնալով լիբանանեան իրադարձութիւններուն` Ապուլ Ղէյթ շեշտեց, որ ինք համոզուած է, որ կառավարութիւն մը կազմելու առումով լիբանանցիները կարողութիւնը ունին համաձայնութեան մը յանգելու:

Նախորդը

Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Կ՛ողջունէ Ժողովուրդները Խաղաղութեան Նախապատրաստելու` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ջանքերը

RelatedPosts

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.