Միջազգային մարզական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Հունգարիոյ մէջ ձերբակալուեցաւ հանրածանօթ հեքըրը, որ կը նկատուի «Ֆութպոլ Լիքս»-ի հիմնադիրը:
30 տարեկան փորթուգալցի Ռունի Փինթու անմիջապէս Պուտափեշթէն պիտի տեղափոխուի Փորթուգալ, ուր տեղի պիտի ունենայ անոր դատավարութիւնը: Անոր կը սպառնայ մինչեւ տասը տարուան բանտարկութիւն:
Կը կարծուի, եւ տուեալները ատիկա ցոյց կու տան, որ ան գողցած է Պենֆիքայի ելեկտրոնային փաստաթուղթերը: Ան կ՛ամբաստանուի նաեւ այլ արարքներով:
Ան 2015-էն ի վեր տարբեր ակումբներու տեղեկութիւնները գողնալով կը կատարէ բացայայտումներ, որոնք կը նկատուին ապօրինի:



