Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ նշեց, որ Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձը անխուսափելի է, «սակայն մեզի հետ գործ ունենալիք Սուրիոյ ներքին կարգավիճակէն վստահ ըլլալէ ետք»:
Ան յայտնեց, որ պէտք է հասկնալ Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձը մերժող կողմերուն հիմնաւորումները` աւելցնելով, որ այդ կողմերուն սուրիական կացութեան վերլուծումներն ու մեկնաբանութիւնները հաւաստի են` նշելով միաժամանակ, որ այդ կողմերը հարց կու տան, թէ եթէ Սուրիան սուրիական պետութեան ներքին կարգավիճակին շուրջ առանց համաձայնութեան վերադառնայ Արաբական լիկա, ապա շուրջ 8-ամեայ սպանութիւնները, տեղահանութիւնները, պատերազմն ու քանդումը ինչո՞ւ եղան:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ Իրանը արաբական պետութիւններուն հետ իր յարաբերութիւններուն իր հասկացողութիւնն ու արաբական աշխարհին մէջ բարեկամներ ունի` նշելով, որ լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա նախապէս շրջանառութեան մէջ դրած էր «դրացի պետութիւններ» հասկացողութիւնն ու Արաբական լիկայի անդամակցութեան հետ Իրանի եւ Թուրքիոյ առնչութիւնը, եւ փորձեց դրացի երկիրներուն հետ արաբական յարաբերութիւնները դարձնել հաստատութենական, սակայն կարգ մը արաբական երկիրներ ընդդիմացան այդ առաջարկին` յայտնելով, որ վտանգաւոր է արաբական ու անվտանգութեան համակարգի բնոյթը քիչ առ քիչ Իսրայէլը ներառող շրջանային համակարգի փոխելը` առանց ատոր հետեւանքին գիտակցելու:
Ապուլ Ղէյթ նշեց, որ հակառակ այն իրողութեան որ սուրիական կառավարութիւնը իր ռուս եւ իրանցի դաշնակիցներու գործակցութեամբ յառաջխաղացք արձանագրեց եւ նախապէս իր կորսնցուցած լայն տարածքները վերստին առաւ իր վերահսկողութեան տակ, սակայն միջազգային միջամտութիւններուն, ներառեալ թրքական սպառնալիքներուն պատճառով կացութիւնը կը շարունակէ բարդ մնալ:
Ան աւելցուց, որ «այդ կացութեան մօտալուտ բարելաւում մը» չի տեսներ:



