Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա յայտնած է, որ Պաքուն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովէն կ՛ակնկալէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած եւ Ռուսիոյ քաղաքացի եղող Տիլհամ Ասքերովը տուն վերադարձնելու ուղղութեամբ ջանքերու յաւելում:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը նշէ, թէ Ապտուլայեւա այս մասին ըսած է Լաւրովի` Ազրպէյճանի մէջ կալանաւորուած Ռուսիոյ հայազգի քաղաքացիին վերաբերեալ յայտարարութիւնը մեկնաբանելու ժամանակ:
Ապտուլայեւա ընդգծած է, որ Ազրպէյճան ըմբռնումով կը մօտենայ Լաւրովի` Ռուսիոյ քաղաքացիներու ձերբակալութեան առնչուած հարցերու նկատմամբ հետաքրքրութեան: «Միեւնոյն ժամանակ մենք առանձնայատուկ ուշադրութիւն եւ ջանքերու յաւելում կ՛ակնկալենք Ռուսիոյ քաղաքացի հանդիսացող Տիլհամ Ասկերովը վերադարձնելու հարցին մէջ», ըսած է Ապտուլայեւա:
Լաւրով մէկ օր առաջ յոյս յայտնած էր, որ Ազրպէյճանի մէջ 2016-ին կալանաւորուած Ռուսիոյ հայազգի քաղաքացի Մարատ Ուելտանով-Գալուստեանը Ռուսիա վերադարձնելու հարցը կարելի պիտի ըլլայ լուծել երկխօսութեան միջոցով:
Ան հաւաստած էր, որ այդ նիւթը արծարծուած է ազրպէյճանական կողմին հետ վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին: «Յոյսով եմ, որ մենք պիտի կարենանք երկխօսութեան եւ իրաւական արժեչափերու վրայ հիմնուած լուծումներու միջոցով գտնել բոլորը գոհացնող լուծում եւ քաղաքացին վերադարձնել Ռուսիա», ըսած էր Լաւրով:
«Ռիա Նովոսթի» կը հաղորդէ, թէ 15 յունուարին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազրպէյճանի օդակայաններուն մէջ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն նկատմամբ խտրական վերաբերմունքին վերաբերեալ գրութիւն մը յղեց Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատուն:
Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 11 յունուարին յայտնած էր, թէ յոյս ունի, որ Պաքու վերջ կը դնէ Ռուսիոյ քաղաքացի հայերուն նկատմամբ խտրական վերաբերմունքին եւ այսուհետեւ չ՛արգիլեր անոնց Ազրպէյճան մուտքը: Ան նաեւ Պաքուի օդակայանէն ռուսահայ քաղաքացիները արտաքսելու դէպքերը որակած էր «Ռուսիոյ քաղաքացիներուն տարրական իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ»:
Աւելի ուշ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա «գրգռիչ ու հակաազրպէյճանական» որակած էր Զախարովայի այս պնդումները:



