Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հաստատեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով ռուսական նախաձեռնութիւնը առկայ է: Ան ընդգծեց, որ այս իմաստով սուրիական եւ լիբանանեան կողմերուն հետ Մոսկուա իր գործակցութիւնը կը շարունակէ:
Զասիփքին շեշտեց, որ Ռուսիա կը պաշտպանէ սուրիական իշխանութիւններուն իրաւունքները` իբրեւ պատերազմէն նոր դուրս եկող երկիր:
Զասիփքին ընդգծեց, որ Ռուսիա, Իրան եւ Չինաստան պատրաստ են Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքներուն, հակառակ Միացեալ Նահանգներուն եւ Ծոցի երկիրներուն, որոնք Սուրիոյ վերակառուցումը կը պայմանաւորեն քաղաքական համաձայնութեամբ:
Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա եւ Ծոցի երկիրներ մտահոգ են, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ժողովրդավարական ընտրութիւններուն ընդմէջէն կը մնայ իշխանութեան վրայ:
Զասիփքին նշեց, որ Սուրիոյ մէջ կան շրջաններ, որոնք հակակշիռէ դուրս կը գտնուին, եւ պէտք է անոնց ապահովութիւնը վերադարձնել` բռնի ուժով կամ համաձայնաբար:
Զասիփքին ընդգծեց, որ Մոսկուայի բոլոր քայլերը ցոյց կու տան, թէ ան կը փափաքի Սուրիոյ մասնակցութիւնը Արաբական տնտեսական վեհաժողովին, որովհետեւ Սուրիա պատերազմէն յաղթական դուրս եկած պետութիւն է, եւ արաբական երկիրները Սուրիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները սրբագրելու խիստ կարիք ունին:



