Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Լաւրովի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Վերաբերող Հարցեր

January 16, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան վերաբերող հարցեր:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաստատուեցաւ Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` յատկապէս կառավարութեան կազմութեան առումով, առանց զայն առնչելու շրջանի հարցերուն հետ:

Պասիլ եւ Լաւրով քննարկեցին սուրիական տագնապը, ինչպէս նաեւ այդ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու անհրաժեշտութիւնը, սահմանադրութեան մշակման խորհուրդ մը գոյացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը երկրին տագնապին քաղաքական լուծման հետ չառնչելու կարեւորութիւնը:

Լաւրով հաստատեց, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի աշխատանքին:

Քննարկուեցաւ նաեւ Սուրիոյ վերակառուցման կարեւոր աշխատանքը, որուն աշխուժ մասնակիցներէն կրնայ ըլլալ Լիբանանը:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս տնտեսական գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Միւս կողմէ, յետմիջօրէին Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ Պքերքէի կարեւոր դերակատարութիւնը` ազգային որոշումներ կայացնելու առումով:

Համախմբումը հաստատեց, որ Պքերքէ կ՛արտայայտէ բոլոր լիբանանցիներու խղճին ձայնը` ի՛նչ համայնքի, որ ալ անոնք պատկանին:

Համախմբումը զօրակցութիւն յայտնեց Արաբական տնտեսական վեհաժողովը կայացնելու Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքին` ընդգծելով անոր կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատելով, որ Լիբանանի պատկերը աղաւաղող որեւէ արարք մերժելի է, որովհետեւ անիկա ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ լիբանանեան պետութեան պատկերին:

Համախմբումը ողջունեց ելեւմտական բնոյթի արտակարգ նիստի մը հրաւիրելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի քայլը` կոչ ուղղելով բոլորին պատասխանատու կեցուածք դրսեւորելու` նկատի ունենալով Լիբանանի դէմ ծառացող ելեւմտական եւ տնտեսական մարտահրաւէրները:

Այս իմաստով համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան տնտեսական ու ելեւմտական մարզերուն վերաբերեալ խոստացուած բարեկարգումներուն գործադրութիւնը` հաստատելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի ի խնդիր կառավարութեան կազմութեան:

Համախմբումը կառավարութեան կազմութեան առումով զօրակցութիւն յայտնեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին:

Համախմբումը դրուատեց լիբանանեան բանակին ջանքերն ու զոհողութիւնները` պահպանելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու սահմանային անվտանգութիւնը:

Անդրադառնալով Լիբանանը հարուածած ցուրտի ալիքին պատճառած նիւթական վնասներուն` համախմբումը կոչ ուղղեց բոլոր պատասխանատուներուն երկրի ենթակառոյցի բարելաւումին առումով ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ գործելու յօգուտ քաղաքացիներուն եւ շրջաններուն ապահովութեան:

 

Նախորդը

«Կը Նախատեսեմ, Որ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Ապահոված 2018-ի Նիւթական Մուտքը Հասնի Աւելի Քան 7 Միլիառ Տոլարի» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

«Պաապտայի Նիստը Վերացուցած Է Պետութեան Ելեւմտական Իրավիճակին Մասին Ստեղծուած Շփոթը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.