Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հանդիպում Ունեցած Է Արցախի Գործընկերոջ Հետ

January 14, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանը 12 յունուարին հանդիպում ունեցած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ:

Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարները կարեւոր նկատեցին երկու նախարարութիւններուն միջեւ տեղի ունեցող պարբերական քաղաքական խորհրդակցութիւնները եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը զանազան մարզերու մէջ:

Զոհրապ Մնացականեանը եւ Մասիս Մայիլեանը հանգամանալից մտքեր փոխանակեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մնացականեանը վերահաստատեց Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրին մէջ նախորդ տարուան մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման  վերաբերեալ արտացոլուած սկզբունքները: Ան ընդգծեց, որ Արցախի կարգավիճակն ու անվտանգութիւնը Հայաստանի առաջնահերթութիւններն են, եւ վերստին շեշտեց խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ Արցախի որոշիչ ձայնի ու ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը: Զոհրապ Մնացականեան ընդգծեց, որ այս դիրքորոշումը քաջածանօթ է յատկապէս անոնց, որոնք Հայաստանի հետ ներգրաւուած են լուծման հոլովոյթին մէջ: Ընդ որում, այս շրջանակներուն մէջ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցող հանդիպումները  արձանագրած են դրական աշխուժութիւն:

Մնացականեան շեշտեց, որ տագնապի լուծման համար պայման է  բոլոր կողմերուն` խաղաղութեան հասնելու իրական յանձնառութիւնը: Կարեւոր նկատեց լարուածութեան բացառման, վտանգներու նուազեցման գործիքներու կիրարկման եւ անոնց շարունակական զարգացման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկումը, որոնք բաղկացուցիչ մասը կը կազմեն խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորման համար: Երկուստեք նշուեցաւ, որ յարձակողապաշտութեան օգտագործումէն զերծ մնալը կրնայ լաւագոյնս բնորոշել խաղաղ հանգուցալուծման յանձնառութիւնը:

Կողմերը անգամ մը ընդգծեցին, որ խաղաղութիւնը գերակայ է, բայց ատիկա պէտք չէ շփոթուի վճռականութեան պակասին հետ:

Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան յառաջիկային Մինսքի խմբակի համանախագահներու օրակարգին մէջ ներառուած միջոցառումներուն եւ կարեւոր նկատեցին անոնց շուրջ նախօրէին իրար միջեւ միտքերու փոխանակման ձեւաւորուած գործառոյթը:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ոլորտային համագործակցութեան ու երկկողմանի օրակարգին առնչուող հարցերուն»:

Նախորդը

Զախարովա Կոպիտ Խախտում Կ՛որակէ Ռուսիոյ Հայ Քաղաքացիները Ազրպէյճանէն Արտաքսելու Դէպքերը

Յաջորդը

Հայաստանի Նախագահը Պաշտօնական Այցելութեամբ Կը Մեկնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.