Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սմբատ Լպուտեան երէկ Երեւանի Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ Հայաստանի ճատրակի տղոց 75-րդ եւ աղջկանց 74-րդ ախոյեանութիւններուն բացման արարողութենէն ետք յայտարարեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը դադրեցուց Լեւոն Արոնեանի եւ Գաբրիէլ Սարգսեանի ճատրակի դպրոցներուն պետական ֆինանսաւորումը:
Ան ըսաւ, թէ փափաքելի պիտի ըլլար, որ այդ աջակցութիւնը մնար:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 10 տղաք եւ 10 աղջիկներ:
Ա. հանգրուանի մրցումները կը սկսին այսօր` շաբաթ, 12 յունուարին:



