Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ երէկ այցելեց բանակայիններու բժշկական խնամքի պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Ժորժ Եուսեֆի, որմէ իմացաւ բանակայիններուն եւ անոնց ընտանիքներուն տրամադրուած բժշկական խնամքին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումին ընթացքին Սարրաֆ պահանջեց այդ մասին պէտք եղած հետազօտութիւններն ու վիճակագրութիւնները կատարել` բանակայիններուն տրամադրուած բժշկական խնամքը բարելաւելու նպատակով:
Սարրաֆ հաստատեց, որ բանակայիններուն եւ անոնց ընտանիքներուն բժշկական խնամքի ապահովումը պաշտպանութեան նախարարութեան առաջնահերթութիւններէն է:
Սարրաֆ դրուատեց այդ բաժանմունքին աշխատանքն ու իրագործած ծրագիրները եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր:



