Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Եւ Իրաքի Նախագահներու Հանդիպում. «Թուրքիոյ Հետ Պիտի Գործակցինք Մեր Հասարակաց Շահերուն Իրագործման Բարենպաստ Մթնոլորտ Ստեղծելու Համար» Կ՛ըսէ Սալեհ

January 4, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհ նախագահ ընտրուելէ ետք առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Թուրքիա: Իրաքի ծագումով քիւրտ նախագահը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, Սուրիոյ տագնապը, քիւրտ զինեալներու խնդիրն ու շրջանային այլ հարցեր:

Էրտողան հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիան վերաշինութեան ջանքերուն համար Իրաքին խոստացած է 5 միլիառ տոլար` նշելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը 2018-ին հասած է 16 միլիառ տոլարի:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ շեշտեց. «Կ՛ուզենք, որ Իրաք կեանքի կոչէ ամբողջական գործակցութիւնն ու փոխադարձ ներդրումներու քաջալերումը»:

«Գոյութիւն ունին ՏԱՀԵՇ-ի եւ ՔԱԿ-ի նման կազմակերպութիւններ, որոնք կը սպառնան թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ ալ Իրաքի անվտանգութեան», ըսաւ Էրտողան:

Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհ իր կարգին յայտնեց, թէ` «Թուրքիոյ ժողովուրդին կ՛ուղղենք բարեկամութեան ու գործակցութեան պատգամը, թէ Իրաք կը գտնուի նոր փուլի մը` վերաշինութեան շեմին»` աւելցնելով. «Իրաքը Թուրքիոյ հետ գործընկերութիւն եւ ռազմավարական գործակցութիւն կ՛ուզէ»:

«Արտաքին հոգատարութեան կարիքը չունինք, որովհետեւ մեր ժողովուրդները կրնան տագնապներուն համար գործակցիլ` ծառայելով մեր շահերուն», ըսաւ ան` նշելով. «Կարիքը ունինք Թուրքիոյ հետ համապարփակ համաձայնութեան մը, որ կը ներառէ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր թղթածրարներ»:

«Մենք Իրաքի վերաշինութեան մէջ թրքական ազդու դերակատարութիւն մը կ՛ակնկալենք», ըսաւ Իրաքի նախագահը:

Նախագահ Սալեհ նաեւ յայտնեց, որ Էրտողանի հետ քննարկած է Սուրիոյ հարցը, սուրիական տագնապը լուծելու եւ սուրիացիներուն իրենց ապագան ճշդելու կարողութիւն շնորհելու հարցերը: «Թուրքիոյ հետ պիտի գործակցինք մեր հասարակաց շահերու իրագործման առումով բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու համար»:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն Սուրիոյ Քիւրտերը Պաշտպանել Նոյնիսկ Ամերիկեան Ուժերու Հեռացումէն Ետք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Յաջորդը

«Սուրիոյ Մէջ Լարուածութիւնը Մեղմացաւ Շնորհիւ Թուրքիոյ Եւ Իրանի Ջանքերուն» Կ՛ըսէ Զարիֆ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.